«Արեւելք»-ը իր խորազգած ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Արզումանեան եւ Մահտեսեան ընտանիքներուն, հարազատներուն եւ բոլոր սգակիրներուն՝ աղօթելով, որ Աստուած հանգուցեալին հոգին ընդունի Իր երկնային արքայութեան մէջ եւ մխիթարէ վշտակիր ընտանիքը։
Խոր վիշտով տեղեկացանք Շաքէ Մահտեսեան-Արզումանեանի մահուան մասին։ Ան խաղաղ պայմաններու մէջ իր մահկանացուն կնքեց՝ ընտանիքին անդամներուն շրջապատին մէջ (Միացեալ Նահանգներու Սան Ֆրանսիսքո քաղաքին մէջ)։
Հանգուցեալը Լիբանանի ազգային, կրթական եւ հասարակական կեանքի վառ ներկայացուցիչներէն, երջանկայիշատակ Տիար Ոսկեբերան Արզումանեանի կեանքի ընկերուհին էր եւ իր ընտանիքին նուիրեալ մայրն ու սիւներէն մէկը։ Իր բարութեամբ, առատաձեռնութեամբ եւ մարդկային ջերմութեամբ ան սիրուած դէմք էր բոլոր անոնց համար, որոնք զինք ճանչցած էին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 7 Օգոստոս 2026-ին, կէսօրուան ժամը 12։00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, որմէ ետք աճիւնը պիտի ամփոփուի Հայ Առաքելական գերեզմանատան մէջ։ Ընտանիքը նաեւ խնդրած է, որ ծաղիկներու փոխարէն նուիրատուութիւններ կատարուին Ոսկեբերան Արզումանեան կրթական հիմնադրամին։
Այս առիթով յատկանշական է, որ հանգուցեալին որդին՝ Տօքթ. Վարդգէս Արզումանեան, իր մայրիկին յիշատակին առիթով յուզիչ գրառում մը հրապարակած է՝ անդրադառնալով անոր սիրոյ, զոհողութեան եւ ընտանիքին հանդէպ անսահման նուիրումին։ Այդ յուշագրական խօսքերը կը ներկայացնեն մօր մը կեանքի հարուստ ժառանգութիւնը եւ այն արժէքները, որոնք ան փոխանցեց իր զաւակներուն ու թոռներուն։
«Արեւելք»-ը իր խորազգած ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Արզումանեան եւ Մահտեսեան ընտանիքներուն, հարազատներուն եւ բոլոր սգակիրներուն՝ աղօթելով, որ Աստուած հանգուցեալին հոգին ընդունի Իր երկնային արքայութեան մէջ եւ մխիթարէ վշտակիր ընտանիքը։