Այժմ լուրջ իրավիճակ ստեղծուած է, երբ ամբողջ արեւմտեան աշխարհը ոտքի կանգնած է Ռուսիոյ դէմ։ Այս մասին «ԹԱՍՍ»-ի գլխաւոր տնօրէն Անտրէյ Քոնտրաշովին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։
«Այժմ, երբ Արեւմուտքի ներկայացուցիչները կրկին սկսած են խօսիլ «ռազմավարական պարտութեան» մասին, երբ անոնք աշխուժօրէն կ՚աջակցին մեր այն տեղափոխուած հայրենակիցներուն, որոնք Եւրոպայի մէջ ամէն տեսակ հակառուսական արշաւներ կը կազմակերպեն, միջոցներ կը հաւաքեն Ռուսիոյ Դաշնութեան պառակտման համար եւ կը շարունակեն ինչ-որ ընդյատակեայ պայքար, անոնք արդէն բացարձակապէս չեն թաքցներ այս բոլորը։
Մեր կեդրոնական հեռուստաալիքները կը ցուցադրեն այն ամէնը, ինչ Արեւմուտքը կը մտածէ։ Եւ, հաւանաբար, կարեւոր է, որ բոլորը տեսնեն զանոնք՝ հասկնալու համար, թէ իրավիճակը կատակ բան չէ։ Նախագահն ալ այս մէկը չի թաքցներ։ Մեր դէմ ոտքի կանգնած է ամբողջ քաղաքակիրթ, այսպէս կոչուած, աշխարհը, որ ինքզինք այդպէս կ՚անուանէ»,– նշած է նախարարը։