Ռուսական «Չեսթնի զնաք» ապրանքներու մակնիշման համակարգը, «Ռոսփոթրեպնատզօր»-ի յանձնարարականով, արգելափակած է Հայաստանէն ներմուծուած աւելի քան 70 000 շիշ խմելու ջուրի եւ կազաւորուած ըմպելիքներու վաճառքը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Վետոմոսթի»-ն՝ վկայակոչելով «Հեռանկարային արհեստագիտութիւններու զարգացման կեդրոն»-ի մամլոյ ծառայութիւնը։
Սահմանափակումը կը վերաբերի «Բջնի» («BJNI») բուժական-սեղանի հանքային ջուրի, «Փրոսթօ Ազպուքա» բնական խմելու ջուրի (այդ կարգին՝ մանկական) եւ «Մոխիթօ» ոչ ալքոլային կազաւորուած ըմպելիքներու առանձին խմբաքանակներու։
Աղբիւրին համաձայն՝ արգելափակման պատճառը Ռուսիոյ քաղաքացիներու կեանքին եւ առողջութեան հնարաւոր վնաս հասցնելու վտանգներն են։ Մամլոյ ծառայութեան ներկայացուցիչին հաղորդմամբ՝ արտադրողները խախտած են արտադրանքին նկատմամբ սահմանուած պարտադիր պահանջները։ Միեւնոյն ժամանակ կը շեշտուի, որ արգելքը կը վերաբերի միայն որոշակի թուականներուն արտադրուած խմբաքանակներուն եւ չի տարածուիր ընկերութիւններու միւս արտադրանքներուն վրայ։
«Ներկայիս, «Ռոսփոթրեպնատզօր»-ի նշած խմբաքանակներու վաճառքը արգիլուած է մանրածախ եւ առցանց վաճառքի կէտերուն մէջ՝ մինչեւ բոլոր անհրաժեշտ ստուգումներու աւարտը։ Մակնիշման համակարգը համարկուած է երկրի իւրաքանչիւր դրամարկղին հետ, որ կարելիութիւն կու տայ ակնթարթօրէն գործադրել սպառողներու պաշտպանութեան համակարգը»,– նշած է «Հեռանկարային արհեստագիտութիւններու զարգացման կեդրոն»ի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Ռեւազ Եուսուփով։
Եուսուփով աւելցուցած է, որ 2026-ի սկիզբէն ի վեր «Չեսթնի զնաք» համակարգը կանխած է պիտանիութեան ժամկէտներու եւ պարտադիր պահանջներու խախտումներով 48 միլիոն շիշ խմելու ջուրի վաճառքը։