«Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանը յայտարարած է, որ Հայաստանը պէտք է Ատրպէյճանի հետ ունենայ խաղաղութեան պայմանագիր. «Բայց այդ խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է փակի շատ դռներ՝ մեր ապագայ վտանգների դռները։ Եւ կարող էք վստահ լինել, որ մեր բոլոր քաղաքական քայլերն ունենալու են մի ուղղութիւն՝ ունենալ խաղաղութիւն, բայց թոյլ չտալ ՀՀ-ում էթնիկ փոփոխութիւն»։
Ան նաեւ աւելցուցած է. «ՀՀ-ում այնպիսի խաղաղութեան ենք գնալու, որ հարեւան ոչ մի երկիր որեւէ ձեւ Հայաստանի ժողովրդագրական վիճակին, ներքին գործերին խառնուելու հնարաւորութիւն չի ունենայ»։
Սահմանադրական փոփոխութիւններու դէմ «Ոչ»-ի ընդլայնուած ճակատի մասին խօսելով ան ըսած է, որ ատոնք ատրպէյճանական առաջարկներ են. «Իրենք չպէտք է որոշեն՝ մեր երկրի սահմանադրութիւնն ինչպէս լինի»։
Խօսելով սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ ընդդիմութեան դիրքորոշման մասին՝ ան նշած է. «ԱԺ-ն պիտի քուէարկի, ընդդիմութիւնը դէմ կը քուէարկի։ Ադրբեջանի կողմից առաջարկուող սահմանադրութեանը չի լինի մեր կողմից որեւէ դրական վերաբերմունք»։