image

Որոտանի գիւղապետին դէմ 2 ամսուան կալանք

Որոտանի գիւղապետին դէմ 2 ամսուան կալանք
Դատարանի որոշմամբ Սիւնիքի մարզի Որոտան վարչական շրջանի ղեկավար Սուրէն Օհանջանեանը կալանաւորուած է։ Այս մասին յայտնած է անոր փաստաբան Արսէն Վարդանեանը։
 
Ան նշած է, որ դատարանը Օհանջանեանը ձերբակալելու որոշումը ոչ իրաւաչափ ճանչցած է, սակայն 2 ամիսով կալանաւորելու որոշում կայացուցած է։
 
Ան տեղափոխուած է Գորիսի ՔԿՀ։
 
Փաստաբանը յայտնած է, որ դատարանի որոշման դէմ կը պատրաստուին բողոք ներկայացնել։
 
Յիշեցնենք, որ ան կը մեղադրուի ընտրակաշառք տալու մէջ։
 
Ըստ նախաքննական մարմնի՝ ան խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ գիւղի բնակիչներու հետ կազմակերպած է հանդիպումներ, որոնց ներկայ գտնուած է նաեւ Գորիս համայնքի ղեկավարը, եւ առաջարկած ընկերային օգնութիւն ստանալու համար դիմումներ ներկայացնել Գորիս համայնքի ղեկավարին` երաշխաւորելով, որ անոնք միանշանակ պիտի բաւարարուին: Տուեալներ ձեռք բերուած են այն մասին, որ ան որոշ քաղաքացիներու յայտնած է՝ ընկերային աջակցութիւն տրամադրելու պարագային պէտք է մասնակցին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ քուէարկեն «Հայաստան» դաշինքի օգտին: