image

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութիւնը հասանելի դարձած է. ԵԱՀԿ նախագահ

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութիւնը հասանելի դարձած է. ԵԱՀԿ նախագահ

Զուիցերիան կ՚ողջունէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին մէջ արձանագրուած առաջընթացը եւ կը գտնէ, որ տեւական խաղաղութիւնն արդէն հասանելի է։ Այս մասին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Զուիցերիոյ Համադաշնութեան արտաքին գործոց դաշնակցային նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Ինեացիօ Քասիսը, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Ինեացիօ Քասիս նշած է, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախաստորագրումէն մօտ մէկ տարի ետք կողմերը բաւականաչափ մօտեցած են վերջնական փաստաթուղթի ստորագրման։

«Զուիցերիան կ՚ողջունէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան ճանապարհին արձանագրուած առաջընթացը։ Խաղաղութեան համաձայնագիրի նախաստորագրումէն մօտ մէկ տարի ետք տեւական խաղաղութիւնն արդէն հասանելի դարձած է։ Մենք՝ Զուիցերիոյ մէջ, հպարտ ենք, որ թէկուզ փոքր, սակայն ներդրում ունեցած ենք այս ճանապարհին առնուած քայլերուն մէջ։

Ես կոչ կ՚ընեմ իմ ատրպէյճանցի գործընկերոջ շարունակելու այն ջանքերը, որոնք կարելի պիտի դարձնեն համաձայնագրի ստորագրութիւնը։ Ատիկա կարեւոր քայլ մը պիտի ըլլայ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն եւ ամբողջ տարածաշրջանին համար՝ հաշտեցման ու կայունութեան ճանապարհին»,– ընդգծած է ան։

Նախարարը նշած է, որ Զուիցերիան պատրաստ է այսուհետեւ եւս աջակցելու խաղաղութեան գործընթացին, եթէ կողմերը համապատասխան խնդրանքով դիմեն։

 

«Զուիցերիան պատրաստ է աջակցելու գործընթացին, եթէ ատոր անհրաժեշտութիւնը ծագի եւ կողմերը նման ցանկութիւն յայտնեն։ Մեր երկիրը Հարաւային Կովկասի մէջ վստահութեան ամրապնդման մարզին բազմամեայ փորձ ունի, եւ մենք պատրաստ ենք այսուհետեւ եւս մեր ներդրումը ունենալ այդ ուղղութեամբ»,– աւելցուցած է Ինյացիօ Քասիսը։