Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը կը քննարկեն Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկութեան բնականոն ընթացքը մինչեւ Օգոստոս 4-ը վերականգնելու հարցը։
Ան նշած է, որ ԱՄՆ-Իրան ներկայ բանակցութիւնները Թեհրանի «վերջին հնարաւորութիւնն» են։
Աւելի վաղ Թրամփ յայտնած էր, որ Իրանի հետ բանակցութիւններ կը վարուին, սակայն Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքած էր այդ տեղեկութիւնը։