image

Թեհրանը չի հանդուրժեր ԱՄՆ-ի ծովային շրջափակումը․ Իրանցի պաշտօնատար

Թեհրանը չի հանդուրժեր ԱՄՆ-ի ծովային շրջափակումը․ Իրանցի պաշտօնատար

Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ Մոժթապա Խամենէիի ռազմական խորհրդական Մոհսէն Ռեզայի զգուշացուցած է, որ Միացեալ Նահանգները լուրջ խնդիրներու պիտի բախի, եթէ շարունակէ իրանական նաւահանգիստներու շրջափակումը։  Ռեզայի այս մասին նշած է X-ի մէջ կատարած գրառման մէջ։

«Եթէ շրջափակումը շարունակուի, ամերիկեան նաւերն ու ուժերը լուրջ վտանգներու եւ կորուստներու պիտի ենթարկուին։ Միացեալ Նահանգները պէտք է փոխէ իր վարքագիծը, հակառակ պարագային մենք այդ պիտի չհանդուրժենք։ Մենք երբեք պիտի չարտօնենք Հորմուզի նեղուցին մէջ երկրորդ միջանցքի բացումը»,- նշուած է գրառման մէջ։

Միացեալ Նահանգները Յուլիսին վերսկսած է իրանական նաւահանգիստներու շրջափակումը՝ զուգահեռաբար հարուածներ հասցնելով Իրանին։ Ի պատասխան՝ Իրան իր կարգին թիրախաւորած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ամերիկեան կառոյցներ։

Կողմերը զիրար մեղադրած են ստորագրուած յուշագիրը խախտելու մէջ։

Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը (CENTCOM) յայտարարած է, որ ամերիկեան ուժերը կը շարունակեն պահպանել շրջափակումը։

«Միացեալ Նահանգներու ուժերը կը շարունակեն խստօրէն պահպանել Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու սահմանած շրջափակումը։ Օգոստոս 3-ի դրութեամբ՝ Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը փոխած է 44 առեւտրական նաւու երթուղին, շարքէ հանած է 2 նաւ եւ ստուգման նպատակով բարձրացած է եւս 2 նաւերու վրայ»,- նշուած է X-ի մէջ Կեդրոնական հրամանատարութեան գրառման մէջ։