ԱՄԷ - (Շարըք Ալ Աուսաթ»- Լոնտոն) Արաբական աշխարհին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կին մը երկրի խորհրդարանի խօսնակ ընտրուեցաւ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Շարըք Ալ Աուսաթ»ը, որ նաեւ կը յայտնէ, որ իրաւաբան Ամալ Ալ Քոպայսի ընտրուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց օրէնսդիրներու խորհուրդի նախագահ: Նշենք, որ արաբուհին ճարտարագիտութեան դոկտոր է եւ բեղուն գործունէութիւն կը տանի երկրի օրէնսդրական շրջանակներուն մէջ: