Հայկական ուսումնասիրութիւններու ԱՆԻ կեդրոնէն վերահասու դարձանք, որ 23 յունուարէն սկսեալ վաճառքի հանուած է ՀՀ հիմնադիր վարչապետ՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի ԵՐԿԵՐ-ու լրամշակուած, երկրորդ հրատարակութիւնը:
Առաջին հրատարակութեան ութ աշխատութիւններուն աւելցած են եւս վեցը:
«ՀՀ առաջին վարչապետի այս հատորի հրատարակութիւնը նուիրւում է իմ բարեկամ, ԱՆԻ կենտրոնի Պատւոյ խորհրդի ցկեանս անդամ Եդուարդ Մսրլեանի յիշատակին: Մսրլեանը տարիներ շարունակ մասնակցեց ԱՆԻ կենտրոնի աշխատանքներին, նրա նուիրատւութիւններով տպագրուեցին մի քանի արժէքաւոր հատորներ: Այսուհետ, ԱՆԻ կենտրոնի հրատարակուելիք գրքերը, ինչպէս այս արժէքաւոր հատորը՝ հիմնադիր վարչապետ Քաջազնունու ԵՐԿԵՐը, կը նուիրուեն նրա յիշատակին»,- ըսած է հատորի խմբագիր եւ կազմող Թաթուլ Յակոբեանը:
ԵՐԿԵՐ-ու առաջին հրատարակութիւնը եղած է 2018 թուականին:
27 յունուարի երեկոյեան, Մսըրլեանի յիշատակի երեկոյի ընթացքին պիտի ներկայացուի գիրքը:
Գրախանութները գիրքին արժէքն է 6.000 դրամ, շնորհանդէսի օրը եւ ԱՆԻ կեդրոնէն ձեռք բերելու պարագային՝ 5.000 դրամ:
Գիրքի էջերուն քանակը 510 է:
Հայկական ուսումասիրութիւններու ԱՆԻ կեդրոն
22 յունուար, 2023