image

Թուրքիան չաջակցիր Ատրպէյճանի պատկերացուցած «Զանգեզուրի միջանցք»ի օրակարգին. ԱԳ փոխնախարար

Թուրքիան չաջակցիր Ատրպէյճանի պատկերացուցած «Զանգեզուրի միջանցք»ի օրակարգին. ԱԳ փոխնախարար

Թրքական կողմը չաջակցիր ատրպէյճանական կողմի պատկերացուցած «Զանգեզուրի միջանցք»ի օրակարգին, յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանը։

Հինգշաբթի կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին Կոստանեանը, խօսելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ յունիս 20-ին Թուրքիա կատարած այցի եւ այդ երկրի ղեկավար Ռեճէպ Էրտողանի հետ հանդիպման մասին, ըսած է, որ Հայաստանը դրական կը գնահատէ քննարկումները թրքական կողմի հետ:

Խօսելով այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին՝ Կոստանեանն ըսած է, որ թրքական կողմի համար «ընկալելի եւ ըմբռնելի է հայկական կողմի դիրքորոշումը»՝ շեշտելով, որ Հայաստանի համար կը շարունակէ սկզբունքային ըլլալ, որ հաղորդակցութեան կապերը պիտի գտնուին իր իրաւազօրութեան ներքոյ եւ պիտի պաշտպանուի Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը այդ ճանապարհներու նկատմամբ։

Ատրպէյճանը Հայաստանի տարածքով՝ Սիւնիքի հատուածով, կը պահանջէ արտատարածքային միջանցք դէպի Նախիջեւան, որ ան կը կոչէ «Զանգեզուրի միջանցք»։

Լրագրողի հարցին, թէ ինչ գնահատական տուած է Թուրքիան Հայաստանի՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան, Կոստանեանն արձագանգած է․

«Հայաստանի տեսլականը կառուցողական է գնահատւում Թուրքիայի մէջ գործընկերների կողմից»։

Կոստանեանի խօսքով՝ տարածաշրջանային շարք մը հարցերու մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դիրորոշումները բաւական մօտ են։

Կոստանեան անդրադարձած է նաեւ Ռուսիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան(ՀԱՊԿ) հարցին, որուն անդամակցութիւնը Հայաստանը սառեցուցած է 2022-ին իր ինքնիշխան տարածքի վրայ ատրպէյճանական յարձակումէն եւ այդ կազմակերպութեան անգործութենէն ետք։

Լրագրողներու հարցին, թէ Հայաստանը որքան պիտի շարունակէ մնալ ՀԱՊԿ-ի մէջ, Կոստանեանը պատասխանած է. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը, լինելով ինքնիշխան պետութիւն է, ինքն է որոշում, թէ երբ է ճիշդ ժամանակը այս կամ այն քայլը կատարելու համար»։ Հարցին՝ իսկ ՀԱՊԿ-էն դուրս գալէ ետք Հայաստանն աւելի խոցելի չի՞ դառնար, Կոստանեանը պատասխանած է. «Իսկ դուք կարծում էք՝ մենք ՀԱՊԿ անդամ լինելով պակա՞ս խոցելի ենք»։