image

Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը յայտնած է Ստեփանակերտի մէջ միջազգային գագաթնաժողով կայացնելու մասին

Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը յայտնած է Ստեփանակերտի մէջ միջազգային գագաթնաժողով կայացնելու մասին

Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Պիրոլ Աքկիւնը յայտարարած է, որ 2025 թուականի յուլիս 3-էն 4-ը Ստեփանակերտի մէջ (դեսպանը օգտագործած է Խանքենտի անուանումը) պիտի կայացուի Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՏՀԿ) 17-րդ գագաթնաժողովը:

Այս մասին գրած է ermenihaber.am-ը:

Ատրպէյճանի պետական AzTV հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին թուրք դեսպանը նշած է․ «Խանքենտին պիտի դառնայ միջազգային դիւանագիտական հարթակ»:

Դեսպանի խօսքով՝ 13 անդամ երկիրներու առաջնորդներու մասնակցութեամբ կայանալիք գագաթնաժողովին տարածաշրջանի ապագայի հարցեր պիտի քննարկուին: Ան մասնաւորապէս ընդգծած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող ռազմավարական դաշինքի կարեւորութիւնը:

Աքկիւնը աւելցուցած է, որ երկու երկիրներու մէջ տրուած հարցումները ցոյց կու տան, որ թուրքերն ամենաշատը կը վստահին ատրպէյճանցիներուն, իսկ ատրպէյճանցիները՝ թուրքերուն: Դեսպանի գնահատմամբ՝ սա կը վկայէ ժողովուրդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող խոր կապի մասին:

Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովին պիտի մասնակցին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը եւ Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ թրքական հանրապետութեան առաջնորդ Էրսին Թաթարը: