Կառավարութեան յունիս 26-ի նիստին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարեց, որ պէտք է պետական պարգեւների ներկայացնել այն իրաւապահներուն, որոնք մասնակցած են «Սրբազան պայքարի» հետ կապուած քրէական գործի բացայայտման։
Ան նշած է, որ հարցը քննարկած է նաեւ հանրապետութեան նախագահի հետ։ Փաշինեանի խօսքով՝ ընկերային ցանցերու վրայ երկու հարց կը քննարկուէր, որ «Հայաստանի մէջ նոր հոկտեմբերի 27 կանխուած էր», միւս հարցն ալ այն էր, թէ արդեօք «1998-ին հնարաւոր էր կանխել Հոկտեմբեր 27-ը»։ Փաշինեան ամփոփած է, որ իրաւապահ համակարգը երկրորդ հարցին պէտք է անդրադառնայ։
Այսօր նաեւ յայտնի դարձաւ, որ «Սրբազան շարժման» առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը երկու ամիսով կալանաւորուած է։ Որոշումը կայացուցած է Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Մասիս Մելքոնեանը։ Գալստանեանին մեղադրանք առաջադրուած է ահաբեկչութիւն նախապատրաստելու, զանգուածային անկարգութիւններ հրահրելու յօդուածներով։
Բագրատ սրբազանը ձերբակալուած էր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու կողմէ՝ քանի մը ժամ տեւած խուզարկութենէ ետք։ Մինչ այդ Քննչական կոմիտէն յայտարարութիւն տարածած էր՝ պնդելով, թէ «Սրբազան պայքարի» շարժման ղեկավարներն ու մասնակիցները ծրագրած էին Հայաստանի մէջ իրականացնել ահաբեկչական գործողութիւններ՝ միտուած իշխանութեան բռնի զաւթման։