image

Քննարկում Ստեփանակերտի մէջ. Նուիրուած՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի ծննդեան 150-ամեակին

Քննարկում Ստեփանակերտի մէջ. Նուիրուած՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի ծննդեան 150-ամեակին

Յունուար 25-ին, Արցախի լրագրողներու միութեան յարկին տակ, Հայկական ուսումնասիրութիւններու «Անի» կեդրոնը կազմակերպած է քննարկում` նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի ծննդեան 150 եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակին:

Ըստ Artsakhpress.am-ի` քննարկման ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկած է Արցախի լրագրողներու միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեանը, որ մասնաւորապէս նշած է, որ, Յովհաննէս Քաջազնունիի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած, «Անի» կեդրոնի համակարգող Թաթուլ Յակոբեանը կատարած է հետաքրքրական եւ կարեւոր ուսումնասիրութիւններ, որոնք ամփոփած է վերջերս հրատարակած գիրքերուն մէջ:

Թ. Յակոբեան՝ ներկայացնելով «Անի» կեդրոնի հրատարակած վերջին երկու հատորները, մասնաւորապէս նշած է, որ երկուքն ալ շատ հակասական գիրքեր են:

«Ես կը կարծեմ, որ մեր պատմութեան իւրաքանչիւր էջը պէտք է դնենք սեղանին եւ քննարկենք, եւ ատիկա պէտք է կատարուի ո՛չ թէ քաղաքական ուժի կամ որեւէ շարժման դատապարտելով, այլ անոնցմէ սորվելով. ինծի համար սկզբունքային կէտը այդ է»,- ըսած է Թ. Յակոբեանը եւ աւելցուցած, որ նշուած գիրքերէն մէկը` Ռուբէն Տէր-Մինասեանի հեղինակած «Հայաստանի Հանրապետութիւնը», կը վերաբերի 1919 թուականի ՀՅԴ Սեպտեմբեր-Հոկտեմբերին կայացած ամենաերկար ժողովին, որ կը պատմէ մինչեւ այն օրը, երբ ճնշուեցաւ Հայաստանի մէջ մայիսեան բոլշեւիկեան ապստամբութիւնը:

Հեղինակի խօսքով` Ռ. Տէր-Մինասեանը հայ քաղաքական մտքի պատմութեան մէջ իւրայատուկ էր անով, որ շատ այլընտրանքային տարբերակներ կ՝առաջարկէր, միշտ ո՛չ յստակ ձեւով կը մօտենար խնդիրներուն` յատկապէս Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հարցերուն մէջ: Այդ առնչութեամբ որոշած է գիրքը առանձին հրատարակել եւ լուսարձակի տակ դնել, քանի որ ասիկա նաեւ լաւ օրինակ է, թէ ինչպէս կուսակցական գործիչը հանգիստ կրնայ քննադատել այն կուսակցութիւնը, որուն անդամ եղած է:

Խօսելով երկրորդ գիրքին մասին` Թ. Յակոբեանը նշած է, որ անիկա Սապահ Կիւլեանի «Պատասխանատուները» հատորի արեւելահայերէն տարբերակին վերահրատարակումն է:

«Սապահ Կիւլեանը հնչակեան կուսակցութեան առաջնորդներէն էր: Ան առաջին շփումները հաստատած է երիտթուրքերու հետ, ի դէպ այդ յարաբերութիւնները հաստատած է դեռ Փարիզի մէջ` իր ուսանողութեան շրջանին: Գիրքին մէջ յատկապէս քննադատած է հայ վաճառականութեան, եկեղեցիին, դաշնակցութեան, եւ առաջին գործիչն էր, որ դեռ 1900-ականներու սկիզբը կը բարձրաձայնէր, որ թուրքերը մեզի կը կոտորեն, եւ անոնց հետ պէտք չէ համագործակցիլ»,- ըսած է Թ. Յակոբեանը:

Անդրադառնալով Յովհաննէս Քաջազնունիի կեանքին եւ գործունէութեան` Յակոբեանը ներկայացուցած է անոր մարդու, քաղաքացիի, պետական-կուսակցական գործիչի կերպարը, անոր վարչապետութեան շրջանին ՀՀ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը, ապա պատասխանած է ներկաներու կողմէ հնչեցուած հարցերուն: