Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը Բագրատ Գալստանեանը բերման ենթարկեց՝ վերջինիս բնակարանին մէջ խուզարկութիւն կատարելէ ետք: Փաստաբան Սերգէյ Յարութիւնեանը լրագրողներուն յայտնած է, որ Գալստանեանին տեղափոխած են Քննչական կոմիտէ:
«Բագրատ Գալստանեանն այս պահին ձերբակալուած է համարւում»,-ըսած է փաստաբանը:
«Չարի՛ք, լաւ լսիր` ինչ էլ որ սարքես, քեզ շատ քիչ ժամանակ է մնացել, դիմացի՛ր, կը գա՛նք»,–իրաւապահներու մեքենան նստելէ առաջ ըսած է սրբազանը։
Հաւաքուածները սկսած են վանկարկել. «Նիկոլ, դաւաճա՛ն»։
ԱԱԾ-ն բերման ենթարկած է եւս հոգեւորական մը եւ Գալստանեանի կողմնակիցներէն մէկը, որ լրագրողներուն յայտնած է, որ չի գիտեր, թէ ինչ հիմքով իրենց բերման կ՚ենթարկեն:
Իրաւապահները Բագրատ Գալստանեանը բերման ենթարկելէ ետք կնքած են անոր տան դուռը:
Խուզարկութենէն ետք իրաւապահները Բագրատ Գալստանեանի կեցավայրէն փաթեթներ դուրս բերած են:
Նշենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յունիս 24-ին դիմատետրեան իր էջին տարածեց իշխանական կայքի հրապարակում մը, ըստ որու` իբր ընդդիմադիրները պետական յեղաշրջում նախաձեռնած են։ Այդ «բացառիկ թուղթեր»ուն մէջ կ՚արծարծուէր նաեւ Բագրատ սրբազանի անունը։
Այսօր առաւօտեան յայտնի դարձաւ, որ զանգուածային խուզարկութիւններ սկսած են «Սրբազան պայքար» շարժման աջակիցներու տուներուն մէջ, խուզարկութիւններ իրականացուած են նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի գերագոյն մարմնի անդամ Իգոր Սարգսեանի ՀՅԴ Աբովեանի կոմիտէի անդամ Վարդան Աւագեանի, Հրազդանի կոմիտէի անդամ Արտաշէս Յունանեանի, Նոյեմբերեանի կոմիտէի անդամ Վարազդատ Ամիրաղեանի եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Սարգսեանի տուներուն մէջ։
Խուզարկութիւններ իրականացուած է նաեւ Էջմիածնի`ընդդիմադիր հայեացքներ ունեցող բնակիչներու տուներուն մէջ։ Խուզարկութիւններու ենթարկուածներու շարքին են «Էջմիածին» խմբակցութեան անդամ Էդգար Թամազեանը, ինչպէս նաեւ Արթուր Մակարեանը, Արսէս Քազարեանը, Արմէն Ալեքսանեանը։
ՀՀ քննչական կոմիտէն յայտարարած է, որ «Սրբազան պայքար» շարժման մասնակիցները եւ ղեկավարները ծրագրած էին ՀՀ-ի մէջ իրականացնել ահաբեկչական եւ իշխանութիւնը զաւթելուն ուղղուած գործողութիւններ։
Քննչական կոմիտէն մանրամասնութիւններ յայտնած է, որ 2024-ին Վ․Գ․-ն (Բագրատ սրբազանը, աւազանի անունը` Վազգէն Գալստանեան) ձեւաւորած է «Սրբազան պայքար» անուանումով շարժում՝ նպատակ ունենալով ՀՀ-ի մէջ ստանձնել իշխանութիւնը։ «Մի քանի ամիս անց, չյաջողելով այդ նպատակը իրականացնել Սահմանադրութեամբ թոյլատրելի ճանապարհով, շարժման գործունէութիւնը վերակազմակերպուել է, եւ որոշում է կայացուել այն շարունակել այլ եղանակով»։
Ըստ Քննչական կոմիտէի՝ ծրագրի հեղինակները քննարկումներու հետեւանքով որոշած են ձեւաւորել հարուածային խումբեր՝ բաղկացած հիմնական նախկին զինծառայողներէ եւ ոստիկաններէ, որոնց միջոցով ՀՀ տարբեր հատուածներու մէջ նախատեսուած են միաժամանակեայ, կարճ ժամանակի մէջ իրականացուելիք գործողութիւններ։ «Մասնաւորապէս՝ պլանաւորուել է տրանսպորտային եւ էներգետիկ համակարգերի խաթարում, պայթումների, հրդեհների, տեխնիկական վթարների, ելեկտրոնային յարձակումների իրականացում՝ հանրային իշխանութեան գործունէութիւնն անհնարին դարձնելու եւ իշխանութեանը հրաժարական պարտադրելու նպատակով»։
Հաղորդագրութեան համաձայն՝ նախնական տուեալներով հարուածային խումբերուն մէջ ընդգրկուած է աւելի քան 1000 մարդ, ձեռք բերուած են գործողութիւններու համար անհրաժեշտ քարտէզներ, տուեալներ եւ սարքաւորումներ։
Քննչական կոմիտէի հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ նախապատրաստուող գործողութիւնները բացայայտուած են ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ դեռ նախապատրաստման փուլին ընթացքին, եւ դէպքի առթիւ յարուցուած է քրէական վարոյթ։ Կը տարուին քննչական գործողութիւններ՝ ուղղուած գործընթացին մէջ ներգրաւուած բոլոր անձանց պարզման։