image

Երեւան. Լոյսին բերուած է Յովհաննէս Քաջազնունիի ճարտարապետական աւանդը

Երեւան. Լոյսին բերուած է Յովհաննէս Քաջազնունիի ճարտարապետական աւանդը

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած է «Հովհաննես Քաջազնունին ճարտարապետ» վերնագրով գիրքը, որ կը ներառէ գիտաժողովի զեկոյցներ՝ նուիրուած անոր ճարտարապետական գործունէութեան։

«Երկիր»-ի տեղեկութիւններով՝ Մայիս 16-ին կազմակերպուած էր գիրքին շնորհանդէսը, որ համախմբած էր ճարտարապետութեան ոլորտի մասնագէտներ, ուսանողներ եւ մշակոյթի գործիչներ։