Կը շարունակուի Պոլսոյ Հայոց Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեանի հովուական այցը դէպի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմ։
Այս առումով ալ «Արեւելք» կը ներկայացնէ խմբագրութեանս հասած լրատւութիւնը, անցնող օրերուն Սրբազան Պատրիարք Հօր ունեցած հանդիպումներուն եւ շփումներուն մասին։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր դէպի ԱՄՆ-ու Արեւմտեան Թեմ տուած պատմական այցելութեան վերջին փուլը եղաւ, 22 Յունիս 2025, Կիրակի, յետ Ս. Պատարագի կազմակերպուած համայնքային ընդունելութիւնը։ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ, աւելի քան երկու հարիւր հոգիներ մեծարեցին Պատրիարք Հայրը, իրենց ջերմ զգացումները ցոյց տալով Նորին Ամենապատուութեան։
Առաջորդարանի Նազարէթ-Սիմա Քալայճեան սրահին մէջ իրականած հանդիսութեան գլխաւորեց Պատրիարք Հայրը։ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Տէրիք Ղուկասեան եւ հիւրընկալութեան յանձնախումբի ատենապետ Սարօ Մարուքեան ողջունեցին բոլոր ներկաները։
Հիւրերու շարքին էին Կիլիկեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արքեպս. Խաչերեան, Գերշ. Տ. Պարգեւ Արքեպս. Մարտիրոսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Գերշ. Տ. Մուշեղ Արքեպս. Մարտիրոսեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան հովիւ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, ինպէս նաեւ բարերարներ, Խաչատուրեան եւ Շնորհալի երգչախումբերու անդամներ եւ հրաւիրեալներ։
Հանդիսավարն էր կարգադիր յանձնախումբի անդամներէն Այլին Քէօսէեան։ Գործադրուեցաւ երաժշտական եւ պարային ներկայացումներ։
Յանուն Թեմական Խորհուրդի արտայայտուեցաւ ատենապետ Ղուկասեան եւ յայտնեց, որ Պատրիարք Հօր այցելութիւնը անմոռանալի պիտի մնայ թեմական կեանքէն ներս։ Իր պատմական առաջին այցելութիւնը արդէն իսկ դրական ազդեցութիւնը ունեցած է, որով Արեւմտեան թեմի կեանքէն ներս ժողովուրդը առիթը ունեցած է մօտէն ծանօթանալու Պոլսոյ Տ. Սահակ Պատրիարքին։
Շնորհաւորական խօսք արտասանեց նաեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ըսելով որ շաբաթ մը տեւողութեան ընթացքին անոնք ըմբոշխնեցին Պատրիարք Հօր հոգեշունչ պատգամները եւ Քրիստոնէական բարոյականութեամբ լի ուսուցողական խօսքերը։
Հետեւաբար, այցելութիւնը որ այսօր իր աւարտին կը հասնի, թեմական կեանքէ ներս կը մնայ յիշարժան իրողութիւն մը։ Այլապէս Արեւմտեան թեմը իր ամբողջ վարչական կազմով, հոգեւորականաց դասով եւ ողջ հաւատացեալ ժողովուրդով ցտեսութիւն կ՚ըսէ Պատրիարք Հօր, շնորհակալութիւն յայտնելով իր ներկայութեան համար։
Հուսկ բանքը կատարեց Պատրիարք Հայրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այս պատմական այցելութեան իրականացման համար իրենց կարելին ի գործ դրած էին։ Այս այցելութիւնը առիթ եղած էր որ ինք մեծապէս ներշնչուի եւ իր տեսածներով առաւել եւս յոյսով լեցուի որպէս Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորական։ Ինք շեշտեց, որ մենք Պոլսոյ մէջ ունինք պապենական ժառանգ եւ կը փորձենք այդ մէկը պահել ու զարգացնել։ Իսկ ԱՄՆ-ու մէջ, շատ մը կառոյցներ այստեղ սկիզբէն կը հիմնադրուին եւ այս մէկը ինքնին դժուարին գործընթաց մըն է։ Եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ տեսլական ունենալ, համախմբուիլ, նիւթական եւ մարդուժի զօրութիւնը միացնել պէտք է եւ ինչ որ տեսնուեցաւ շաբթուան մը ընթացքին, ԱՄՆ-ու Արեւմտեան թեմի մէջ լաւագոյնս իրականացած է։
Անշուշտ թէ, իւրաքանչիւր առաջորդ իր տարբեր յատկութիւններով ներդրում բերած է եկեղեցական կեանքին, սակայն ներկային անուրանալի տեսողութիւն է Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոսի աշխատասիրութեամբ եւ փորձառութեամբ կատարած մեծածաւալ գործերը։ Այլապէս ներկաները հրաւիրեց, որ միշտ զօրաւիգ կանգնին Սրբազանին եւ իրենց ազգային եկեղեցական կեանքը մնայ փառքի վրայ։
Պատրիարք Հայրը այս առթիւ յուշանուէրներ յանձնեց Թեմական Խորհուրդին, Ծխական Խորհուրդին, Կարգադիր Յանձնախումբին, Խաչատուրեան Երգչախումբին եւ Շնորհալի Երգչախումբին։ Իսկ հուսկ, Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոսին յանձնեց պատմական նուէր մը՝ ԱՄՆ նշանակուած առաջին հոգեւորականի նշանակման կոնդակի օրինակը, որ հրապարակուած է 19րդ դարու վերջերը Երանաշնորհ Խորէն Պատրիարք Աշըքեանի կողմէ։ Այս մէկը նշանակալից դարձաւ, քանի տակաւին ԱՄՆ-ու թեմը չհիմնուած առաջին հոգեւորականը ուղարկուած է Պոլսոյ Պատրիարքութենէ, օրուան պատրիարքին օրհնութեամբ։
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ միաբերան արտասանուած աղօթքով եւ բարի մաղթանքներով։