image
Հրատապ լուրեր:

Բագրատ Սրբազան եւ ՀՅԴ անդամ Իգոր Սարգսեան 2 ամիսով կալանաւորուեցան

Բագրատ Սրբազան եւ ՀՅԴ անդամ Իգոր Սարգսեան 2 ամիսով կալանաւորուեցան

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ նախագահութեամբ դատաւոր Մասիս Մելքոնեանի, բաւարարեց Բագրատ Սրբազանը կալանաւորելու քննիչի միջնորդութիւնը։ Բագրատ Սրբազանը երկու ամիսով կալանաւորուեցաւ։

Դատարանը բաւարարեց ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի անդամ Իգոր Սարգսեանը կալանաւորելու միջնորդութիւնը. Սարգսեանը նոյնպէս երկու ամիսով կալանաւորուեցաւ։

Դատարանը բաւարարած է նաեւ Արցախի ԱԺ պատգամաւոր Դաւիթ Գալստեանը, Բագրատ Սրբազանի օգնական Մովսէս Շարբաթեանը, պլոկըր Արմէն Ալեքսանեանը, պահեստազօրի գնդապետ Միհրան Մախսուդեանը, Արա Ռոստոմեանը եւ Աղուան Արշակեանը երկու ամիսով կալանաւորելու միջնորդութիւնը։

Բագրատ Սրբազանի աջակից Տիգրան Գալստեանի նկատմամբ կալանք կիրառելու՝ քննիչի միջնորդութեան քննութիւնն աւարտած է, դատարանի որոշումը պիտի հրապարակուի առաւօտեան ժամը 11:00-ին։

Յիշեցնենք, որ Քննչական կոմիտէն 16 անձի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու վերաբերեալ միջնորդութիւններ ներկայացուած էր դատարան: