Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդը յայտարարութիւն հրապարակած է Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ պատերազմի աւարտին վերաբերեալ համաձայնութեան հասնելու մասին։
Ինչպէս կը հաղորդէ Tehran Times-ը, յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ պաշտօնական Թեհրան «Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի որոշման հիման վրայ Յունիս 14-ի երեկոյեան վերջնականացուցած է Իրանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ պատերազմի աւարտին վերաբերող բանակցութիւններու փոխըմբռնման յուշագրի բնագիրը»։
«Ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն՝ այս գիշերուընէ սկսեալ բոլոր ճակատներուն վրայ, ներառեալ Լիբանանը, պատերազմն ու ռազմական գործողութիւնները անմիջապէս եւ վերջնականապէս պիտի դադրին։ Բացի այդ, Իրանի նկատմամբ կիրառուող ծովային շրջափակումը պիտի վերացուի անմիջապէս եւ ամբողջութեամբ»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Իրանական կողմը, տեղեկացնելով, որ փոխըմբռնման յուշագրի ստորագրումը պիտի կատարուի Յունիս 19-ին, նաեւ յայտնած է, որ «վերջնական համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւնները պիտի յետաձգուին մինչեւ այն պահը, երբ միւս կողմը կատարէ փոխըմբռնման յուշագիրով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները»։
Իրան իր յայտարարութեան մէջ նաեւ բարձր գնահատած է Փաքիստանի եւ Քաթարի գործադրած ջանքերը։