Քորէայի Աշխատաւորական կուսակցութեան լիագումար նիստին ունեցած իր ելոյթի ընթացքին, Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Եոնկ Ըն յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է շարունակաբար աւելցնել աշխարհի ամէնէն բարձր մակարդակները գերազանցող հզօր պաշտպանական միջոցները։ Լիագումար նիստը միաձայն որոշած է, որ միջազգային ռազմաքաղաքական իրավիճակին արձագանգելու միակ ուղին միջուկային զինուած ուժերու ընդլայնումն ու ամրապնդումն է։
Պետութեան ղեկավարը մատնանշած է Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ տարածաշրջանին մէջ զինուած ուժերու ընդլայնումն ու արդիականացումը։ Ան նաեւ նշած է, որ հարաւային հարեւանները շարունակաբար զինուորական վարժանքներ եւ հետախուզական գործողութիւններ կը կատարեն Հիւսիսային Քորէայի դէմ՝ ծայրայեղօրէն սրելով Քորէական թերակղզիի իրավիճակը։
Ան անդրադարձած է նաեւ ամերիկա-ճափոնա-հարաւքորէական միջուկային հարցերով խորհրդակցական խումբի նիստին, որ ստեղծուած է Հիւսիսային Քորէան զինաթափելու նպատակով եւ, ըստ իրեն, աւելի կը մօտեցնէ թերակղզիին մէջ միջուկային պատերազմի վտանգը։
«Միջուկային արհեստագիտութիւններու հիման վրայ, արագացուած ընթացքով պիտի իրականացուին աւելի բարձր նպատակներ հետապնդող, նորարարական եւ ոգեւորիչ ծրագիրներ»,– ըսած է ան։
Քիմ Եոնկ Ըն հրահանգած է արագցնել 10 հազար թոն ջրատարողութեամբ, ռազմավարական կառավարուող հրթիռներով զինուած հածանաւի կառուցումը։ Ան պահանջած է պատրաստել ռազմարդիւնաբերական համալիրի ձեռնարկութիւններու կառուցման, վերակառուցման եւ արդիականացման ծրագիր մը։ Ան նաեւ յայտարարած է զինուորական յենակայաններու եւ այլ ռազմավարական կառոյցներու ստեղծման աշխատանքները արագցնելու մասին՝ հարաւային սահմանը ամրոցի վերածելու, ինչպէս նաեւ նոր ռազմածովային յենակայաններ կառուցելու նպատակով։
Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդը յատկապէս շեշտած է բանակի մարտունակութեան բարձրացման, բոլոր մակարդակներու կուսակցական կոմիտէներու եւ քաղաքական մարմիններու գործունէութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը՝ զինծառայողներու լայն զանգուածներու բարոյահոգեբանական ուժը բարձրացնելու համար։