Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանի բնակարանը կը խուզարկեն, տեղեկութիւնը հաստատած են Քննչական կոմիտէէն։
«Քրէական վարոյթի շրջանակում կատարւում են քննչական եւ վարութային գործողութիւններ»,- յայտնած են կոմիտէէն։
Իրաւապահները խուզարկած են Իշխան Սաղաթէլեանի բնակարանը, այժմ կը փորձեն խուզարկել անոր մեքենաները, տեղեկութիւնը «Փաստինֆո»-ի հետ զրոյցին յայտնած է փաստաբան Սերգէյ Յարութիւնեանը՝ նշելով, որ ոչինչ յայտնաբերուած է։