image

Իսրայէլ- Լիբանան բանակցութիւններու նոր փուլ մը այսօր՝ Ուաշինկթընի մէջ

Իսրայէլ- Լիբանան բանակցութիւններու նոր փուլ մը  այսօր՝ Ուաշինկթընի մէջ

Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ, Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ, բանակցութիւններու նոր փուլը այսօր տեղի պիտի ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Reuters-ը՝ յղում կատարելով լիբանանցի պաշտօնեաներու։

Լիբանանցի պաշտօնեաները պնդած են, որ Իսրայէլի հետ առերես բանակցութիւնները միակ միջոցն են պատերազմին վերջ տալու, որ կը մոլեգնի մարտ 2-էն ի վեր, երբ «Հըզպալլա» զինեալ կազմակերպութիւնը, Իրանի աջակցութեան նպատակով, կրակ բացաւ Իսրայէլի ուղղութեամբ։ Ասիկա պատճառ դարձաւ իսրայէլեան օդային եւ ցամաքային յարձակումներու, որոնց հետեւանքով Լիբանանի մէջ աւելի քան 4,000 մարդու կեանք խլուեցաւ։

Լիբանանցի պաշտօնեայ մը եւ Լիբանանի հարցերով զբաղող երկու օտարերկրեայ պաշտօնեաներ Reuters-ին յայտնած են, որ Իրան-ԱՄՆ համաձայնութիւնը աւելի տկարացուց Լիբանանը՝ զայն հասցնելով մինչեւ այսօրուան իր ամէնէն խոցելի վիճակին եւ կասկածի տակ դնելով այս շաբաթ Իսրայէլի հետ  բանակցութիւններու օգտակարութիւնը։

Լիբանանցի պաշտօնեան թերահաւատօրէն կը վերաբերի այն հարցին, թէ երեք օր տեւելիք բանակցութիւններէն շօշափելի յառաջընթաց մը կարելի պիտի ըլլայ արձանագրել։

«Այս բանակցութիւններու ընթացքին մեր եւ իսրայէլացիներուն միջեւ վստահութեան հիմնարար խնդիր կայ։ Մենք չենք կրնար կատարել անոնց պահանջները, իսկ անոնք կը մերժեն մեր բոլոր պահանջները»,– ըսած է պաշտօնեան։