Հայկական ծիրանի առաջին խորհրդանշական խմբաքանակը հասած է Եւրոպական Միութիւն։ Այս մասին X-ի իր էջին վրայ գրած է ԵՄ-ի ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոսը։
«Շնորհակալութիւն Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեանին՝ նուէրին եւ շատ օգտակար քննարկման համար։
Մենք հանդիպեցանք վաղը կայանալիք «Կապակցուածութեան օրակարգ» (Connectivity Agenda) հարթակի մեկնարկին ընդառաջ, ուր առաջ պիտի մղենք՝ Հայաստանն իր հարեւաններու եւ Եւրոպայի հետ աւելի լաւ կապակցելու ուղղութեամբ մեր աշխատանքը»,– գրած է Քոսը։
ԵՄ յանձնակատարը նշած է, որ «Կապակցուածութեան օրակարգ» հարթակը պիտի օգնէ հայ արտադրողներուն բազմազանեցնել իրենց արտահանումը եւ աւելի շատ բարձրորակ արտադրանք հասցնել նոր շուկաներ։