Աւազախրուած Յարաբերութիւններ
Տարբեր առիթներով գրած եմ Սփիւռքի դիմագրաւած ամենատարբեր խնդիրներուն մասին։ Ի հարկէ կը սոսկամ «մարտահրաւէր» բառը գործածելէ, որովհետեւ վերջին տարիներուն տարբեր առիթներով նկատելի դարձաւ, որ Սփիւռքեան կտրուածքով այդ բառն յաճախակի կերպով գործածողները, նոյն անոնք են, որ ոչ թէ Սփիւռքի հարցերը, համահայկական օրակարգը, կամ հիմնախնդիրները լուծել կը ջանան, այլ կը փորձեն նոր համարուող, բայց վաղուց արդէն հինցած «երգեր»ը երգելով վերաիմաստաւորել իրենց դիրքը, տեղը եւ ընելիքը։
Ի վերջոյ այդ մարդիկ, քով-քովի գալով, ոչ թէ լուծումներու մասին կը խորհին, այլ կը փորձեն «օրինականցնել» այն մսխումները, որ վերջին տարիներուն կը կատարուին ամենատարբեր հարթակներու վրայ։
Ի վերջոյ ի՞նչ էր Սփիւռքը թուականին. Կամ այն հայագաղութները, որ կազմուեցան այդ տարիներուն, ունէի՞ն յստակ տեսլական մը, թէ ինչպէս պիտի շարժին, եւ ի՞նչն է իրենց համար առաջնայինն ու կարեւորը։
Նոյնը կրնամ ըսել 1960-ականներու կէսէն ետք գոյաւորուած մթնոլորտին մասին, երբ Հայութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ «միաւորուեցաւ» եւ առաջ տարաւ Ցեղասպանութիւնը միջազգային հարթակ տանելու առաջադրանքը։ Այս առումով անշուշտ շատ կարեւոր հարցում մըն էր, թէ ինչ հիմքերով, այդ «առաջադրանք»ը մարմին ստացաւ, վերածուեցաւ տարբեր բաներու եւ տեղ մը հայութիւնը հաւաքեց մեծ եւ գերագոյն նպատակներու շուրջ։ Ի հարկէ այստեղ ազդեցիկ դեր խաղաց Խորհրդային Միութիւն- Արեւմտեան Պլոք մեծ պայքարը, որուն առանցքներուն Հայաստանը, հայութիւնն առհասարակ ունեցաւ կարեւոր ըսելիք։
Այդ փուլէն ետք եւս տեղի ունեցան կարեւոր իրադարձութիւններ, բայց ոչ ոքի մտքէն կ՚անցնէր, որ հայութիւն իբրեւ միաւոր պիտի ունենայ անկախ հայրենիք մը, որուն երկինքին տակ պիտի հաւաքուին բոլորը։
Ձախողութիւն պիտի համարե՞լ բոլոր այն գործընթացները, որ տեղի ունեցան թուականի անկկախութիւնէն ի վեր, կամ այդ մօտեցումը ունենալով «ջուրին պիտի տանք» բոլոր այն ձեռքբերումները, որ տեղի ունեցան հայրենի հողին վրայ։ Հարցումը ինքնին կարեւոր է, որովհետեւ անոր մէջ կան փոխյարաբերութիւնները ճիշդ կերպով հունաւորելու գործընթացները։ Ու եթէ իրողապէս այդպէս էր, ինչու Հայաստանը չդարձաւ 5 կամ 6 միլիոն հայութեան վախճանական կեդրոնատեղին։
Սխալ կառավարումն էր արդեօք, որ պատճառ դարձաւ այդ «բեկում»ին, թէ յարգանքի պակասը ի մասնաւորի Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւններուն կողմէ, որոնց համար Սփիւռքը պարզապէս «կթան կով» մըն էր...։ Այլ խօսքով «փողը թող տան, եւ այլ բանի թող չխառնուին» մօտեցումը կը դառնար այն հիմնական դրօշը, որ առաջ կը տանէր Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու մեծ նաւը, մինչեւ այն պահը, որ վրայ կը հասնէր Արցախի մեծ պարտութիւնը, որ միեւնոյն ժամանակ, պատճառ կը հանդիսանար, որ յարաբերութիւններու «սիրառատ» նաւը տեղ մը աւազախրի...։
Այսօր այդ աւազախրումին առջեւ կանգնած ենք ու տեղ մը պարտաւորուած ենք մեզմէ հեռու պահել, չխօսիլ, չանդրադառնալ այդ աւազախրումին։
Ու թերեւս այդ պատճառով է, որ վերջին տարիներուն նկատելի սկսած է դառնալ «դէպի Սփիւռք» նոր առանցք մը, որուն նպատակն ու իրական «թիրախ»ը խորքային վերադարձի մը կը խօսի, վերադարձ մը դէպի Սփիւռք եւ «հասկացողութիւն» մը, որ «Հայաստանի հարցերը մեզի ինչ, ու մենք պէտք է ապրինք ու գործենք յանուն Սփիւռքի»։
Անշուշտ հայութեան գոյութեան իմաստին եւ անոր երազներուն մէջ հիմնական տեղը պիտի շարունակէ զբաղեցնել Հայաստանը, բայց եւ այնպէս այդ «սպասուած» Հայաստանի մեծ երազը կրնայ ապրիլ տատանումներ, փոփոխութիւններ, անկումներ եւ տուայտանքներ։
Անշուշտ Սփիւռքի հետ նոր յարաբերութիւն մը, նոր «մաքուր» էջ մը բանալու եւ մայր երկրին հետ աւելի համերաշխ ու խաղաղ ապրելու սկզբունքին մէջ մեծ դեր պէտք է ունենան երկրի իշխանութիւնները, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով կ՚ուզեն հեռու մնալ Սփիւռքէն (ոչ Սփիւռքահայութիւնէն)։ Հայաստանի այսօրուայ իշխանութիւններուն համար շատ աւելի հեշտ է Սփիւռքի հետ խօսիլ «անհատական մակարդակ»ով, որովհետեւ հաւաքական կերպարանքը, կամ մարմիններն ու միութիւնները ունին լուրջ հարցադրումներ, որոնք կը բխին իշխանութիւններու սխալներէն ու մանաւանդ մեր ժամանակներուն եղած տարերային ցնցումներէն։
Համապատկերն անշուշտ իրարմէ երես թեքելու ընդհանուր դրուագ մըն է, որ կրնայ երկար տեւել, քանի երկու կողմերն ալ եւ Սփիւռքը եւ ալ Հայաստանը պատրաստ չեն իրար հետ անկեղծ խօսելու, կամ կիսելու այն հարցերը, որոնք երկուքին համար ցաւատանջ են։
Սփիւռքը՝ Ոչ Թէ Դիտորդ, Այլ Գործակից
Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները այսօր կը գտնուին լուրջ վերարժեւորման փուլէ մը ներս։ Տարիներ շարունակ այդ կապը մեծ մասամբ հիմնուած էր զգացական պատկանելիութեան, պատմական յիշողութեան եւ հայրենիքի հանդէպ պատասխանատուութեան վրայ։ Սակայն վերջին տարիներու եղած դէպքերը (առաւելապէս Արցախի պատերազմը, մեծ պարտութիւնը եւ Արցախի հայաթափումը), քաղաքական ցնցումները եւ ազգային հիասթափութիւնները էապէս փոխեցին այդ յարաբերութեան բնոյթը։ Ակնյայտ դարձաւ, թէ միայն նիւթական աջակցութեան վրայ հիմնուած կապը չի կրնար երկար գոյատեւել, եթէ Սփիւռքը չզգայ, որ ինք նաեւ մասնակցութիւն ունի ազգային որոշումներու ձեւաւորման մէջ։
44-օրեայ պատերազմը եւ անոր յաջորդած իրադարձութիւնները խոր հոգեբանական ազդեցութիւն ունեցան ամբողջ հայութեան վրայ։ Շատերու համար առաջին անգամ հարցականի տակ դրուեցաւ ոչ միայն Հայաստանի քաղաքական ընթացքը, այլ նաեւ համահայկական միասնականութեան գաղափարը։ Սփիւռքի լայն շրջանակներ սկսան աւելի բաց ձեւով արտայայտել իրենց մտահոգութիւնները՝ զգալով, որ ազգային ճակատագրական հարցերու ընթացքին իրենք դուրս կը մնան որոշումներէն։ Այս մթնոլորտը պատճառ դարձաւ վստահութեան ճգնաժամի մը, որուն հետեւանքները մինչեւ այսօր կը շարունակուին։
Այս պայմաններուն մէջ հիմնական հարցադրում մը կայ, այն է, թէ ինչպէ՞ս հնարաւոր է վերակառուցել փոխադարձ վստահութիւնը։ Առանց այդ վստահութեան, Հայաստան-Սփիւռք կապը կրնայ վերածուիլ միայն վարչական, ձեւական կամ ժամանակաւոր համագործակցութեան։ Մինչդեռ իրական ուժը այն գաղափարին մէջ է, որ Հայաստանը միայն իր սահմաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող պետութիւն մը չէ, այլ ամբողջ աշխարհասփիւռ հայութեան կեդրոնական հանգրուանը։ Երբ այդ գիտակցութիւնը թուլանայ, կը տկարանայ նաեւ համահայկական միասնականութեան գաղափարը։
Այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է մտածել համահայկական ռազմավարութեան մասին։ Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող միլիոնաւոր հայեր կրնան մեծ դեր ունենալ Հայաստանի ապագային մէջ՝ ոչ միայն նիւթական օժանդակութեամբ, այլ նաեւ գիտական, մշակութային, քաղաքական եւ կազմակերպչական ներուժով։ Սակայն այդ ներուժը կարելի է ամբողջական կերպով օգտագործել միայն այն ժամանակ, երբ Սփիւռքը իրեն զգայ ազգային ընդհանուր ծրագրի մէկ մասը, եւ ոչ թէ արտաքին դիտորդ մը։
Սփիւռքի գոյութիւնը ինքնին կարեւոր ազդակ մըն է Հայաստանի համար։ Ան կը յիշեցնէ, թէ հայկական ինքնութիւնը միայն պետական սահմաններով սահմանափակուած իրականութիւն մը չէ։ Սփիւռքի համայնքները, իրենց դպրոցներով, մշակութային միութիւններով, եկեղեցիներով եւ կազմակերպութիւններով, տասնամեակներ շարունակ պահպանեցին ազգային ինքնութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ։ Այդ կառոյցները պարզապէս աւանդապահ հաստատութիւններ չեն, այլ ինքնութիւն կազմաւորող միջավայրեր։
Յատկապէս հայկական դպրոցին դերը շատ աւելի խոր է, քան միայն լեզուի ուսուցումը։ Դպրոցը այն վայրն է, ուր կը կազմաւորուի ազգային մտածողութիւնը, պատկանելիութեան զգացումը եւ հայ մնալու գիտակցութիւնը։ Ներկայ սերունդներուն համար ինքնութեան պահպանումը այլեւս միայն հայերէն խօսելու հարցը չէ։ Ան կապուած է ապագայի տեսլականին, ազգային արժէքներուն եւ այն զգացումին, թէ իրենք մաս կը կազմեն համաշխարհային հայկական իրականութեան մը։
Սփիւռքի համայնքային կեանքը նոյնպէս փոփոխութեան մէջ է։ Նոր սերունդները տարբեր մտածելակերպ եւ առաջնահերթութիւններ ունին, իսկ համաշխարհայնացումը աւելի բարդ դարձուց ինքնութեան պահպանումը։ Սակայն այդ փոփոխութիւնները նաեւ նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն։ Այսօր կարելի է աւելի արագ կապ հաստատել Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ, ստեղծել համատեղ նախաձեռնութիւններ եւ ձեւաւորել աւելի ժամանակակից համահայկական համագործակցութիւն։
Վերջապէս, ազգային միասնականութիւնը չի կրնար պահպանուիլ միայն պատմական յիշողութեամբ կամ զգացական կոչերով։ Ան պէտք ունի յստակ տեսլականի, փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան։ Հայաստանը եւ Սփիւռքը իրարու կարիքն ունին ոչ միայն ճգնաժամային պահերուն, այլ նաեւ երկարաժամկէտ ապագայի կառուցման ընթացքի մը համար։ Միայն այդ կերպ կարելի պիտի ըլլայ վերածնել համահայկական այն գաղափարը, որ տասնամեակներ շարունակ պահած է հայ ժողովուրդի միասնականութեան զգացումը աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս