Հակափտածութեան կոմիտէի նախագահը դիմած է արդարադատութեան նախարարին՝ միջնորդելով օրէնսդրական փոփոխութիւններով արգիլել ընտրական յանցագործութիւններու սխեմաներու մէջ ներգրաւուած քաղաքական ուժերու մասնակցութիւնն ընտրութիւններուն։
Այս մասին կը տեղեկանանք Հակափտածութեան կոմիտէի տարածած հաղորդագրութենէն։
«Կարեւորելով ընտրական գործընթացներու օրինականութեան ապահովումը՝ Կոմիտէում նախնական ամփոփուել է 2026-ի Ազգային ժողովի ընտրութիւններին նախորդող ժամանակահատուածում բացայայտուած կոռուպցիոն բնոյթի ընտրական յանցագործութիւնների դէպքերի առթիւ իրականացուող վարոյթների տուեալները, վեր են հանուել այդ յանցագործութիւնների դրսեւորման մեխանիզմները եւ դրանց կատարմանը նպաստող հանգամանքները, որոնց հիման վրայ ՀՀ հակակոռուպցիոն կոմիտէի նախագահը դիմել է ՀՀ արդարադատութեան նախարարին՝ միջնորդելով՝ յանցանքի կատարմանը նպաստող հանգամանքները վերացնելու նպատակով նախաձեռնել այնպիսի օրէնսդրական փոփոխութիւններ, որոնք հետայսու նուազագոյնի կը հասցնեն բացայայտուած յանցաւոր սխեմաների կիրառման հնարաւորութիւնը, այդ թւում՝ այդպիսի սխեմաներում ներգրաւուած քաղաքական ուժերի մասնակցութիւնն ընտրական գործընթացներին արգելելու եղանակով»,-ըսուած է ՀԿԿ հաղորդագրութեան մէջ: