Ընթերցումներս (44)
Հաւաքական սակաւաբանութիւն (ա)
Այս խորագիրին տակ կը գտնենք այնպիսի կառոյցներ, որոնք յառաջացած են ժամանակի ընթացքին՝ անցնելով հաւաքականութեան բովէն, ընկալելի դառնալով անոր բոլոր անդամներուն, կոփուելով ու յղկուելով անկէ եւ մեծապէս նպաստելով լեզուի որակին:
Այսպիսիներուն շարքին կը գտնենք նախ եւ առաջ ենթակայ-դերանունները, որոնք հայերէնի մէջ ընդհանրապէս չեն գրուիր, եթէ մասնաւոր շեշտելու հարկը չներկայանայ
Օրինակ՝
-Ո՞ւր կ’երթաս (դուն):
-Չեմ գիտեր (ես):
-Ի՞նչ պիտի ընենք հիմա (մենք):
-Թող արագ որոշեն (անոնք):
Ինչպէս կը նկատենք, հայը հարկ չի տեսներ կիրարկել փակագիծերու մէջի ենթակայ-դերանունները, քանի որ իւրաքանչիւր բայ արդէն իր դիմային սեփական վերջաւորութեամբ կը թելադրէ իր թէ՛ դէմքը, թէ՛ թիւը, մինչդեռ ֆրանսացին կամ անգլիացին պիտի չկարենային զեղչել զանոնք. Օրինակ՝ où vas-tu?, where do you go? Եւ այլն (1):
Հայերէնի պարագային՝ զեղչուած ենթակայ-դերանունները ոչ միայն չեն աղաւաղեր խօսքը, այլ, ընդհակառակը, կը թօթափեն զայն աւելորդ բեռէ մը. Եւ իրօք ալ այդ ենթակայ-դերանուններու հետեւողական անուանումը պիտի մեծապէս ճապաղցնէր հայերէնը
* * *
Գրեթէ նոյնքան սովորական է զեղչումը նախադասութեան զանազան այլ անդամներու. օրինակ՝
-Որքա՞ն պիտի մնաս (դուն) այս քաղաքը:
-Երկու օր (պիտի մնամ ես այս քաղաքը):
-Չե՞ս կարծեր (դուն), թէ անբաւարար է (երկու օր մնալ այս քաղաքը):
-(Երկու օրէն) աւելի չեմ կրնար (մնալ ես այս քաղաքը):
Փակագծերու մէջ թաւագրուած են բոլոր զեղչումները:
Այս օրինակին հետեւողութեամբ ալ կարելի է դատել սակաւաբանութեան այն անսպառ ու բարեկարգ օժիտը, որ հայերէնը կը դնէ մեր լեզուն կիրարկողներու տրամադրութեան տակ:
Պէտք է նկատել, որ նման սակաւաբանութիւն մը միայն ձեւական է, քանի որ բերուած նախադասութեանց միտքը կամ իմաստը որեւէ թերութիւն չի պատճառեր ընկալողին՝ ունկնդիրին կամ ընթերցողին համար: Ընդհակառակը,-եթէ տակաւին պէտք կայ շեշտելու, - այդ զեղչուած տարրերու վերականգնումը պիտի զգալիօրէն ծանծաղեցնէր մեր լեզուն՝ առաջացնելով ոճաբանական շատ անհաճոյ կացութիւններ:
Այս շարքին մէջ կարելի է թուել նաեւ այն բարդ նախադասութիւնները, որոնց ստորադաս բաղադրիչը զեղչուած է. անկէ պահուած է միայն «որ» շաղկապը կամ յարաբերական դերանունը. օրինակ՝
-Այդ Ատուր ըսուածը ո՞վ է, որ…
-Այս ընթացքով ո՞ւր պիտի հասնի, որ…
-Հօրմէն ի՞նչ տեսանք, որ…
-Ուզածիդ չափ ըսէ՛, լսողը ո՞վ է որ…
Այսպիսիներու պարագային խօսքային միջավայրը ընկալողին կը թելադրէ զեղչուած նախադասութեան իմաստը. կարելի է բոլորովին ենթադրաբար եւ ենթակայօրէն սապէս վերականգնել զանոնք.
-Այդ Ատուր ըսուածը ո՞վ է, որուն այդքան կարեւորութիւն կու տաս:
-Այդ Ատուր ըսուածը ո՞վ է, որ այդքան կը հրապուրէ քեզ:
-Այդ Ատուր ըսուածը ո՞վ է, որուն այնքան կը վստահիս:
-Այդ Ատուր ըսուածը ո՞վ է, որուն այսքան յոյսեր կապած ես:
-Այդ Ատուր ըսուածը ո՞վ է, որ այսքան անսխալական կը թուի քեզի…
Այսպիսիները անպայման հարցական երանգ չունին. օրինակ՝
- Այդ դատաւոր ըսուածը այսօր դատարան եկած չէ, որ… (ձեր հարցին լուծում մը տրուի):
Ուրեմն սակաւաբանութեան վերոբերեալ տեսակները, ինչպէս ըսինք, կ’ենթադրեն այնպիսի զեղչումներ, որոնք մէկ կողմէ վերականգնելի են, միւս կողմէ… ոճականօրէն մաղթելի:
* * *
Սակաւաբանութեամբ յառաջացած են այլեւայլ՝
***ասացուածքներ ու ասոյթներ, ինչպէս՝
-գող՝ սիրտը դող (2),
-ներսէն՝ խնամի, դուրսէն՝ թշնամի,
-գայլի աւետարան…
***գովազդներ, ինչպէս՝
-մե՛նք ենք ձեր հարցին միակ լուծումը,
-կատարելութիւն ամեն բանի մէջ,
-ընտրէ՛ ճիշդը,
-եղի՛ր առաջինը…
***նախընտրական լոզունգներ, ինչպէս՝
-աշխատինք միասին,
-հին ընկերները չեն դաւաճաներ,
-միասին կառուցենք հայրենիքը,
-հայրենիքը ամէն բանէ վեր…
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com
(1) Ենթադրելի է, որ ենթակայ-դերանունը զեղչելու յատկութեամբ օժտուած ըլլան այն բոլոր լեզուները, ուր բայը կը խոնարհուի դիմային ինքնուրոյն վերջաւորութեամբ իւրաքանչիւր դէմքի ու թիւի համար. օրինակ՝ իտալերէնը, որ այս պարագային կ’ըսէ՝ dove vai (ո՞ւր կ’երթաս): Արաբերէնը իր կարգին՝ تذهب اين:
(2) Պատմականօրէն եղած է. «Ան որ գող է, անոր սիրտը միշտ դողի մէջ է», այսինքն՝ 10 բառ: Որ հետագային կամաց-կամաց խտացած է 4 բառի մէջ: