image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի Աշրաֆիէ թաղամասը եւ հայկական հետքը

 Հալէպի Աշրաֆիէ թաղամասը եւ հայկական հետքը

Սուրիական պատերազմի տարիներուն յաճախ կը լսէինք պատերազմական թատերաբեմ դարձած գիւղերու, աւանններու, արուարձաններու մասին, որոնք հայակերտ եղած էին եւ ամբողջապէս հայաբնակ։ Կար ժամանակ։

Անոնցմէ մէկն է Աշրաֆիէն, Հալէպի արուարձաններէն մէկը, ուր թէժ մարտեր տեղի կ՛ունենային անցնող օրերուն։

 

Բնիկ Քեսապի բանահաւաք եւ հայագէտ՝ Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան կը գրէ՝ 

 

Սուրիական պատերազմի տարիներուն յաճախ կը լսէինք պատերազմական թատերաբեմ դարձած գիւղերու, աւանններու, արուարձաններու մասին, որոնք հայակերտ եղած էին եւ ամբողջապէս հայաբնակ։ 

Կար ժամանակ։

Անոնցմէ մէկն է Աշրաֆիէն, Հալէպի արուարձաններէն մէկը, ուր թէժ մարտեր տեղի կ՛ունենային անցնող օրերուն։

 

ԱՇՐԱՖԻԷ (ՏԱՎՈՒՏԻԷ)

1936-ին Հալէպի հիւսիս-արեւմտեան բլուրներէն մէկը կը տրամա- դրուի Հալէպի Ռամատանիէի եւ Սուլէյմանիէի հիւղաւանները պարպող հայ գաղթական բնակիչներուն, գլխաւորաբար այնթապցիներու: Կը կառուցուի Տավուտիէ (այժմ` Աշրաֆիէ) թաղամասը:

Այստեղ հաստատուած ընտանիքներու թիւը եղած է շուրջ 400: Հոս գործած են երկու եկեղեցի եւ երկու դպրոց։ Յետ հայրենադարձութեան եւ հայ ընտանիքներուն Քաղաք տեղափոխուելուն հետեւանքով գաղութը հետզհետէ կը պարպուի (Թաղամասի հիմնադրութեան, գաղութի համայնքներուն եւ կառոյցներուն մասին տե՛ս Կարպիս Լեփէճեան, «Քարայրներու արձագանգը – Տաուտիէ», Երեւան, 2012:): 

Դպրոցները.

1.- Կիլիկեան վարժարան, 1936-1937

Վարդանեան վարժարան, 1937-1974

Ազգային Վարդանեան վարժարան, 1974-1978

Նորակառոյց թաղին մէջ, Կիլիկեան շրջանակէն` Ներսէս աւագ քհն. Պապայեանի եւ խումբ մը այնթապցիներու ջանքերով, Ենովք Աճոյեանի բնակարանին ներքնայարկը կը հիմնուի դպրոցը, մինչ կը կառուցուի Ս. Վարդան եկեղեցին: Դպրոցը փաստօրէն Ճապրիէ թաղի հիւղաւանին մէջ քաղաքի Կիլիկեան վարժարանի իբրեւ մասնաճիւղ գործած դպրոցն է, որ հոս 1937-ին կը վերանուանուի Վարդանեան, ի յիշատակ Այնթապի համանուն դպրոցի: Եկեղեցւոյ մէջ երկար տարիներ ծառայած է Եղիշէ քհն. Փանոսեանը:

1944-1945 տարեշրջանին ունի 193 մանչ, 167 աղջիկ, ընդհանուր՝

360 աշակերտ, 12 ուսուցիչ-ուսուցչուհի, 7150 սուրիական ոսկի պիւտճէ:

1945-1946 տարեշրջանին ունի 126 մանչ, 110 աղջիկ, ընդհանուր՝

236 աշակերտ, 11 ուսուցիչ-ուսուցչուհի եւ 7475 սուրիական ոսկի պիւտճէ (Տե՛ս Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարան, Քաղաքական ժողովի ատենագրութեան թիւ 59 տոմար, համապատասխանաբար էջ 52 եւ 53:):

Աճոյեանի շէնքը քանի մը տարի ձրի օգտագործելէ ետք մանկա-պարտէզը կը փոխադրուի եկեղեցւոյ ներքնայարկը, իսկ նախակրթարանը` վարձու շէնք մը: Դպրոցը այսպէս կը գործէ մինչեւ 1955: Նոյն տարին (1955-1956) Բարեգործականի այրիանոցը մասամբ կը դատարկուի ու կը տրամադրուի նախակրթարանին` չնչին վարձքով մը: 1955-ին կ’անցնի ՀԲԸՄ-ի պատկանող շէնք մը: Շէնքը անվճար կ’օգ- տագործուի: Մանկապարտէզը կը գործէ Ս. Վարդան եկեղեցւոյ բակին մէջ (Հիմնական աղբիւրն է Լուիզա Ճեպեճեան, «Տավուտիէ արուարձանի պատմութիւն», Գեղարդ սուրիահայ տարեգիրք, Գ. գիրք, 1985, Հալէպ, էջ 296-¬311):

Լրիւ նախակրթարան է, ունի մանկապարտէզ: Առաջին շրջանաւար- տութիւնը` 1941-ին: 1941-1974-ին ունեցած է 446 շրջանաւարտ-շրջա- նաւարտուհիներ: 1944-ին հիմնուած է Շրջանաւարտից միութիւնը:

Մինչեւ հայրենադարձութիւն ունեցած աշակերտութեան բարձ- րագոյն թիւը եղած է 650 աշակերտ-աշակերտուհի, երբ թաղամասի ընտանիքներու թիւը 750-ը կ’անցնէր: Այս շրջանակին մէջ գործած են ՀՄՄ-ը, Նոր սերունդ մշակութային միութիւնն ու «Անդրանիկ» թատերախումբը:

Մեծ հայրենադարձութենէն ետք աշակերտութեան թիւը հետզհետէ կը նուազի: 1947-1948 տարեշրջանին ունի 213 (121 մանչ, 92 աղջիկ),

1951-1952-ին՝ 284, 1955-1956-ին՝ 351, 1967-1968-ին՝ 190 աշակերտ-ա-

Շակերտուհի (Տե՛ս Արեւելք տարեգիրք, 1948, էջ 157. նաեւ՝ Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարան, Խառն նամակներու ծրար, Սուրիահայ դպրոցներու ցուցակ. նաեւ՝ Զարթօնք օրաթերթ, 22 Հոկտեմբեր 1967):

1968-ին դպրոցը Կրթութեան նախարարութեան կողմէ կը վերան- ուանուի էլ-Ֆուրաթ (Եփրատ)։

1969-ին դպրոցը կ’օժտուի օթոպիւսով, որ յատուկ կարգադրութեամբ կը բերուի Գերմանիայէն: Գումարը կը հայթայթուի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբին միջոցաւ: Ասոր շնորհիւ աշակերտութեան թիւը չի նուազիր, մինչ միայն 50 տոկոսն է թաղամասէն: Թաղամասը հետզհետէ հայաթափ կ’ըլլայ:

1973-1974 տարեշրջանին ունի 150 աշակերտ-աշակերտուհի: Դպրոցի եկամուտի աղբիւրներն են կրթաթոշակները, պարահանդէս մը, սան որդեգրող բարերարները, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը, Բարեգործականի լայն օժանդակութիւնը, Ս. Վարդան եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը:

1974-ին կը մտնէ Ազգային վարժարաններու ցանցին մէջ: Հոգա- բարձական կազմերը կը նշանակուին Բերիոյ թեմի առաջնորդարանին կողմէ:

Դպրոցի առաջին տնօրէնն է Գնէլ աբեղայ Ճերէճեանը, ապա՝ Էլիզ Մաթոսեան (1937-1939), Տիգրան Մեսրոպեան (1940-1941), Անդրէաս Տէր Ղազարեան (1941-1942), Եղիշէ քհն. Փանոսեան (1942-1960), Աւետիս Հաննէեան (1960-1961), Յակոբ Գույումճեան (1961-1976): Ասոնք դաւաւանդած են նաեւ հայերէն ու հայոց պատմութիւն: Առաջին ման- կապարտիզպանուհին է Լուսին Ճեպեճեանը, երկար տարիներ:

Հայ աւետարանական Էմմանուէլ վարժարան, 1939- 1974

Տավուտիէ նորակառոյց թաղամասին մէջ հաստատուած շուրջ 400

հայ ընտանիքներէն 50-ը աւետարանականներ էին:

Դպրոցը կը սկսի գործել 1939-ի սկիզբը, վարձու տան մը մէջ: Առաջին տարին ունի մէկ ուսուցչուհի եւ 48 աշակերտ-աշակերտուհի: Համայնքը կապուած է Սուլէյմանիէի Հայ աւետարանական նահատակաց եկեղեցւոյ:

1939-1940 տարեշրջանին ունի 95 աշակերտ-աշակերտուհի եւ 3 ուսուցիչ-ուսուցչուհի, համայնքի հովիւ եւ ուսուցիչ է Տիգրան Ճ. Խրլոբեան:

Քառամեայ նախակրթարան է. ունի մանկապարտէզ:

1942-ին համայնքը կ’անկախանայ: Համայնքի հովիւն է վեր. Տիգրան Անդրէասեան: Եկեղեցին եւ դպրոցը կը գործեն վարձու շէնքի մը մէջ (Մեր հիմնական աղբիւրն է վեր. Տիգրան Ճ. Խրլոբեան, Ոսկեմատեան..., Ա. հատոր, էջ 309: Տե՛ս նաեւ «Մեր վարժարանները – Տավուտիէ ¬Հալէպ», Ջանասէր, 1950, թիւ 7, էջ 2. 39․ , նաեւ Ն. Տարագճեան, «Հիմնար¬կէքի պաշտամունք Տավուտիէի Հայ աւետ(արանական) եկեղեցիի շէնքին», Ջանասէր, 1953, թիւ 4, էջ 124¬-126. նաեւ՝ Վեր. Էմմանուէլ Տարագճեան, Լուրեր Տավուտիէի եկեղեցիէն», Ջանասէր, 1956, թիւ 6, էջ 181-¬182)

1949-1950 տարեշրջանին ունի 80 աշակերտ-աշակերտուհի, կէսը՝ մանկապարտէզին մէջ: Պիւտճէն նեղ է, շէնքը աւելի աշակերտ ունենալ չի կրնար:

1953-ին համայնքը կը սկսի եկեղեցւոյ ու դպրոցի համար սեփական շէնքերու կառուցման: Ունի 110 աշակերտ, որուն 70-ը` մանկապարտէզին մէջ: Քառամեայ նախակրթարան է:

1955-1956 տարեշրջանին ունի 110 աշակերտ-աշակերտուհի եւ 6 ուսուցիչ-ուսուցչուհի:

1968-ին դպրոցը Կրթութեան նախարարութեան կողմէ անուանուած է ԷԼ ՊՇԱՐԱ (Աւետիս)։ Այս շրջանին կ’ունենայ մինչեւ 150 աշակերտ-աշակերտուհի եւ նախակրթարանի Ե. կարգը: 1960-էն կը սկսի կորսնցնել վերի կարգերը: 1967-1968 տարեշրջանին ունի 80 աշակերտ-աշակերտուհի եւ 3 ուսուցիչ-ուսուցչուհի:

1973-1974-ին աշակերտութեան թիւը կ’իջնէ 48-ի: Յարմար կը տես- նուի փակել վարժարանը, որովհետեւ ոմանք դպրոցական օթոքարներով կը յաճախեն քաղաքի այլ վարժարանները: Թաղամասը գրեթէ կը պարպուի հայութենէ:

Դպրոցը գործած է եկեղեցւոյ հովիւի հսկողութեամբ, ունեցած է աւագ կամ վարիչ ուսուցիչ մը: Հոս սկիզբէն մինչեւ վերջ պաշտօնավարած է Աստղիկ Մինասեանը:

***

Քաղաքէն Աշրաաֆիէ բարձրացող ճամբուն աջին յետագային կը հիմնուի Մխիթարեան վանքը՝ համանուն վարժարանով։ Աշակերտութիւնը կու գայ Հալէպի հայաբնակ միւս թաղամասերէն։

Նկարը՝ Աշրաֆիէի Վարդանեան վարժարանի 1961-ի շրջանաւարտութիւնը։