«Սիրիայի վիճակը մի տեսակ քրոնիկ է, այսինքն՝ մարդիկ արդէն սովորել են, ցաւով եմ ասում»,- այսպէս մեկնաբանած է ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը՝ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ կառավարական եւ քրտական ուժերու միջեւ տեղի ունեցող բախումներու լոյսի ներքոյ մեր հայրենակիցներու վիճակին։
«Մեր դիրքորոշումն այն է, որ Հայաստանում շատ աւելի լաւ է, եւ եթէ այդ հնարաւորութիւնն ունէք, ու այդ հնարաւորութիւնը եղել է, այսինքն՝ խաղաղ պայմաններ լինում են պարբերաբար, եկէք հայրենիքում բնակուէք, որովհետեւ ապագան մշուշոտ է Սիրիայում:
Այս բախումներն էլ, որ Հալէպում կան, բաւականին լուրջ բախումներ են կառավարական ուժերի եւ քրդական միաւորումների միջեւ»,-ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ մեր հայրենակիցներու հետ մշտական կապի մէջ են, տեղեակ են բոլոր զարգացումներէն:
Օրեր առաջ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ քիւրտերու հետ քանի մը օր տեւած կատաղի բախումներէն ետք Հալէպի մէջ հրադադար հաստատուած է։ Սուրիոյ կառավարական բանակի եւ քրտական ուժերու միջեւ բախումներու ընթացքին զոհուած է առնուազն 21 մարդ։