Ոչ միայն... այլեւ (= այլ նաեւ)
Յօդուածագիր մը՝ Մարիա Սադոյեան, իր մէկ յօդուածին տուած է հետեւեալ խորաագիրը.
--«Մօտ է ոչ միայն խաղաղութեան, այլեւ նոր պատերազմի ուրուականը: Յօդուածի աւարտին նշուած է, թէ ան «թարգմանութիւն է եւ կը հրատարա-կուի Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան աջակցութեամբ»:
Յօդուածին բովանդակութեան մասին չէ որ պիտի խօսիմ, այլ անոր... խորագիրի քերականական կառոյցին. աւելի ճիշդը՝ ոչ միայն...այլեւ շաղկապին:
Ոչ միայն… այլեւ մաս կը կազմէ խումբին համադասական այն շաղկապներուն, որոնք կը կոչուին «միաւորիչ-յաւելական»:
Միաւորիչ-յաւելական շաղկապներու տիպարն է եւ/ու-ն.
Այսպէս՝ հոմանիշ են՝
--Ան հաց եւ/ու պանիր կերաւ:
--Ան ոչ միայն հաց, այլեւ պանիր կերաւ:
Ասոնք, ուրեմն, նշանակութեամբ նոյնն են, կը հաստատեն ան ենթակային կերած երկու առարկաները՝ հաց, պանիր:
Այս շաղկապուող բառերը միշտ կ’ընտրուին այնպէս մը, որ իրարու հետ ներդաշնակ եւ համատեղելի ըլլան. իրապէս ալ հացն ու պանիրը հաւասարապէս կը ծառայեն ուտողը յագեցնելու եւ զայն սնուցելու:
Նաեւ՝
--Ոչ միայն ծառերը ծաղկեցան, այլեւ ծիծեռնակները վերադարձան:
--Ոչ միայն յաջողեցաւ, այլեւ մրցանակ ստացաւ:
Սադոյեանի խորագիրը չի լրացներ այս պայմանը. ան շաղկապած երկու հակասական հասկացութիւնններ՝ պատերազմ եւ խաղաղութիւն, որոնք անհա-մատեղելի են, իրարու հականիշ են: Ասոնք չեն կրնար միաժամանակ ու միատեղ գտնուիլ եւ գումարուիլ, համադասուիլ իրարու վրայ:
--Հոն ուր պատերազմ կայ, բացակայ է խաղաղաութիւնը,
--Իսկ հոն ուր խաղաղութիւն կայ, բացակայ է պատերազմը:
* * *
Նման հակասական հասկացութիւնները շաղկապելու համար ունինք «համադասական ներհակական» շաղկապներ, որոնք կը ծառայեն կապելու հակադիր, հականիշ հասկացութիւններ. օրինակ՝
--Մօտ է ոչ թէ խաղաղութեան, այլ նոր պատերազմի ուրուականը:
Ուրեմն այդ շաղկապն է՝ ոչ թէ... այլ:
--Ան ոչ թէ կը սիրէ քեզ, այլ կ’ատէ:
--Ան ոչ թէ յաջողեցաւ, այլ ամօթալի ձախողութիւն կրեց:
Յստակացում եւ յստակեցում
Եթէ ուշադրութիւն դարձուցած էք, ապա պէտք է նկատած ըլլաք, որ հոն ուր արեւմտահայերս կ’ըսենք յստակացում, նոյն տեղը արեւելահայը կ’ըսէ յստակեցում: Ըստ այնմ ալ արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէն փոխադրուած այլազան գրութեանց մէջ ուշադիր ու գիտակ գրողը կը կատարէ անհրաժեղտ փոփոխութիւնը՝ արեւելահայուն յստակեցում-ին փոխարէն կը դնէ յստակացում:
Իսկ ուրիշներ յստակեցում-ը կը պահեն նոյնութեամբ:
Գիտցածնին այդչափ է:
Հարցում՝
-Ինչո՞ւ այսպէս է, ուրկէ՞ յառաջացած է այս տարբերութիւնը:
* * *
Յստակ ածականը արեւմտահայերէնի մէջ տուած է յստականալ եւ յստակա-ցնել բայերը: Որոնց մեքենաբար կը հետեւի յստակացում բայանունը:
Արեեւելահայերէնը իր կարգին յստակ ածականէն ստացած է յստականալ եւ յստակացնել: Այնպէս ալ յստակացում բայանունը:
Ուրեմն մեր երկու բարբառները ունին նոյն յարացոյցը:
Բայց...
Բայց ահա չես գիտեր ինչպէ՛ս, արեւելահայերէնի մէջ յառաջացած են նաեւ յստակել եւ յստակեցնել բայերը, որոնք կու տան յստակեցում բայանունը:
Ուրեմն մեր մէկ հատին փոխարէն, արեւելահայը ունի երկուքը՝
--յստակացում եւ յստակեցում:
Եւ ահա ասոնց երկրորդը՝ յստակեցում-ն է, որ առհասարակ կը կիրարկուի:
Ինքս որեւէ ատեն արեւելահայու մը գրիչին տակ յստակացում-ի հանդիպած չեմ:
Ինչո՞ւ այս զատողութիւնը... չեմ գիտեր:
Եթէ գիտցող մը կայ, թող գրէ, հաճոյքով կը լուսաբանուիմ, այլեւ կ’իրազեկեմ ընթերցողներս եւս:
Կանխայայտ շնորհակալութիւն:
Ծխամորճ եւ ... մորճ
Իմ տպաւորութիւնս այն է, որ գրեթէ ամէն հայ, մասնաւորաբար՝ ամէն արեւմտահայ, կը ճանչնայ ծխամորճ բառը եւ անոր նշած առարկան:
Ինքս մոլի ծխող մը եղած ըլլալուս՝ 10-12 հատ ունէի անկէ ու դեռ տրամադիր էի շարքը մեծ հաճոյքով երկարելու, եթէ բժիշկս խստիւ չարգիլէր ծխախոտը ընդհանրապէս:
-Գոնէ ծխամորճ գործածեմ,- թախանձեցի- կ’ըսեն, թէ անվնաս է...
-Նոյն քա՛քն է,- եղաւ անոր կտրուկ ու արգելական պատասխանը:
* * *
Միւս կողմէ՝ քիչեր գիտեն,- եթէ իրապէս գիտեն,- թէ ան բարդ բառ մըն է, որուն երկրորդ բաղադրիչն է մորճ:
Ամբողջ կեանքս որեւէ անգամ չեմ կիրարկած այս բառը, ոչ ալ լսած եմ զայն ուրիշէն: Այսուհանդերձ ան ներկայ է բոլոր բառարաններուն մէջ:
Որքա՜ն շատ են բառարաններու մէջ պառկող անծանօթ բառերը:
Մեր բառարանագիրները անոր կու տան հետեւեալ մեկնաբանութիւնը.
«Մորճ - դալար գաւազան, ծառի դալար ճիւղ, ոստ, շառաւիղ»:
Մրցոյթ 34.
***Կրնա՞ս բառային հետեւեալ լղրճուկը բանական խօսքի վերածել.
---Այն զէնքերը, որ կ’ուզենք, որ Հզպալլան անոնցմէ հրաժարի, Իսրայէլի սպառնացողներն են:
---Կ’ուզենք, որ Հզպալլան հրաժարի Իսրայէլին սպառնացող զէնքերէն:
***Սրբագրէ՛ հետեւեալին քերականական սխալն ու կրկնաբանութիւնը.
---Լիբանանը կրնայ վերստին դառնալ շրջանային կամ միջազգային տագնապի բեմի եւ ծայրայեղականութեան ծրագիրներու բեմի (անդ):
***Մէ՛կ բառով ըսէ ընդգծուած հատուածը:
---Իսրայէլ յանձնառու է Սուրիոյ մէջ տիւրզիները ուն պաշտպանելու:
***Բառ մը սխալ տեղադրուած է. վերադարձուր զայն իր տեղը:
---Նոյնիսկ Սուէյտայի մէջ նոյնիսկ զինադադարէն ետք իսրայէլեան ռմբակոծումները շարունակուեցան :
***Վերաշարադասել հետեւեալը՝ առանց որեւէ բառ փոխելու.
---Արդար իշխանութիւնը կը փորձէ ի մի բերել հակառակ կողմերը՝ լսելով անոնց իրենց մտահոգութիւնները լսելով եւ դուռ բանալով խաղաղ երկխօսութեան դուռ բանալով:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (7), Համբարձում Յարթունեան (8), Գեղամ Խաչատրեան (9), Ցոլակ Ապտալեան (5), Եփրեմ Թոքճեան (6), Պերճ Տէր Սահակեան (5), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (4), Միրնա Սիւլիւքճեան (7):
Մրցոյթ 35.
***Սրբագրէ՛ անհամասեռութիւնն ու քերականական զոյգ սխալները:
---Պատուիրակը յորդորեց զիրար յարգելու եւ դրացիներուն հետ խաղաղութեամբ եւ բարգաւաճումով ապրելու («Ազդակ», 21/7/2025, էջ 1):
***Ո՞ր բառերը կը տեղափոխես:
---«Սուրիական պետութիւնը միայն կարող է սուրիական բոլոր հողերուն վրայ իր հեղինակութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանել («Ազդակ», 21/7/2025, էջ 2):
***Ի՞նչ բառով կրնաս փոխարինել հետեւեալին ընդգծուած հատուածը:
---Հզպալլան պետութիւնը նեղ եւ ոչինչ կատարելու կարող կացութեան մէջ կը դնէ («Ազդակ», 23/7/2025, էջ 2):
***Ինչպէ՞ս կը դարմանես հետեւեալին կրկնաբանութիւնը.
---Ֆրանսա պատրաստ է Լիբանան-Սուրիա սահմանի սահմանագծման աջակցութիւն տրամադրելու («Ազդակ», 26/7/2025, էջ 2):
***Փորձէ՛ կիրթ հայերէնով ըսել հետեւեալը.
---Երկխօսութիւնը յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին լուրջ ընթացք կը ստանայ («Ազդակ», 30/4/2025, էջ 2):
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com