Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը «անհեթեթութիւն» կը համարէ Ռուսիոյ հնարաւոր մասնակցութիւնը «Թրամփի ուղի» նախագիծին։ Factor TV-ին տուած հարցազրոյցին Սիմոնեան անդրադարձած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի յայտարարութեան։
«Ես չեմ կարող նման պնդում անել. նախ եւ առաջ՝ TRIPP-ը հայ-ամերիկեան կազմակերպութիւն է։ Եթե մենք խօսում ենք նմանատիպ երթուղի կամ ճանապարհ բացելու մասին, ըստ իս՝ դա պէտք է լինի առանձին նախաձեռնութիւն, բայց TRIPP-ի շրջանակում դա աբսուրդային եմ համարում»,-ըսած է Սիմոնեանը պատասխանելով այն հարցին, որ Ալեն Սիմոնեանի Ռուսիա այցի ժամանակ հնարաւո՞ր է այնտեղ քննարկուի Ռուսիոյ ԹՐԻՓՓ-ին միանալու հաւանականութիւնը։
«Դա նշանակում է ամէն ինչ անել, որ TRIPP-ը յանկարծ չաշխատի»,-ըսած է Սիմոնեանը։
Նշենք, որ Ալեն Սիմոնեանը փետրուար 5-6-ը պաշտօնական այցով պիտի գտնուի Ռուսիոյ Դաշնութիւն։
«Այցն իմ գործընկեր տիկին Մատվիենկոյի հրաւէրով է, եւ նախատեսւում է հանդիպում իր հետ, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարի հետ»,-նշած է Ալեն Սիմոնեանը։
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան յայտարարած էր, որ Ռուսիան պատրաստ է մասնակցելու TRIPP նախագիծին։
«Մենք կը հաստատենք պատրաստակամութիւնը՝ ուսումնասիրելու նախագիծին միանալու հնարաւոր տարբերակները, այդ շարքին՝ Ռուսական երկաթուղիներու եզակի փորձառութիւնը հաշուի առնելով: Բայց նախեւառաջ անհրաժեշտ է ծանօթանալ այս նախաձեռնութեան իրականացման եւ գործունէութեան բոլոր մանրամասնութիւններուն։ Որքան մենք կը հասկնանք, այն կը գտնուի սկզբնական փուլի մէջ։ Մեր առաջարկը Երեւանին՝ կայացնել խորհրդակցութիւններ բոլոր շահագրգիռ գերատեսչութիւններու մասնակցութեամբ, կը մնայ ուժի մէջ», - յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան: