image

Ընթերցումներս. Անհամասեռութիւն (3). Գրեց՝ Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս. Անհամասեռութիւն (3). Գրեց՝ Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս (60)

Անհամասեռութիւն (3)

  1. Բայական անհամասեռութիւն (բ)

Ինչպէս ըսինք նախորդիւ, անհամասեռ  կառոյցը իր երբեմն  ճկունութեամբ, ծաւալով, բարեհնչութեամբ այնքան գրաւիչ է ու տիրական, որ գրողը, նոյնիսկ ուշադիր գրողը, յաճախ կը սայթաքի՝ մտքին ծայրէն իսկ չանցընելով համասեռ տարբեդրակը:

Օրինակ՝

--Ահա իմ հասկցած ու հաւատացած բարեկամութիւնս:

Կարճ, կոկիկ, յստակ ու հաղորդական:

Բայց եւ այնպէս անհամասեռ ու մերժելի՝ ուշադիր ու նուրբ ականջին համար, որ պիտի փնտռէր համասեռ ձեւը, որ, սակայն, ծանծաղ ու տաղտկալի է:

Արդարեւ, բարեկամութիւնս գոյականը այստեղ ունի երկու անհամասեռ որոշիչներ, որոնց երկուքն ալ դերբայներ են՝ հասկցած եւ հաւատացած

Հասկցած-ը ներգործական է եւ կը պահանջէ հայցական հոլով խնդիր, որ է բարեկամութիւն  ճիշդ ձեւը:

Հաւատացած-ը չէզոք է եւ կը պահանջէ տրական հոլով խնդիր, որ պէտք է ըլլայ բարեկամութեան:

Ինչպէ՞ս լուծել այս կացութիւնը, որ դժբախտաբար շատ տարածուած կաղապար մըն է ընդհանուր հայերէնի մէջ՝ արեւելահայ թէ արեւմտահայ հաւասարապէս:

Ահաւասիկ՝

--Ահա այն բարեկամութիւնը, (զ)որ ես կը հասկնամ եւ որուն կը հաւատամ:

Սա իր ծաւալով բնօրինակին կրկնապատիկն է, չհաշուած քերականական զանազան համաձայնութիւնները, որոնց հարկ եղաւ դիմել:

Այս այսպէս է, կարելի չէր կացութիւնը դարմանել դերբայներով: 

Անշուշտ այս  վերջինը այնպիսի կառոյց մըն է, որուն դժուար թէ իր գրողական ու մանաւանդ խօսողական թափը առած  անձը յօժարէր համակերպիլ, մինչ անդին այնքան դիպուկ ու կոկիկ, այլեւ պարզ է  անհամասեռ կառոյցը, եւ այնքան... ընդհանրացած:

Հետեւեալը  մեր սերտածին  մէկ բարդ ստորադասական նմանակն է:

--Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որուն կարելի չէ  ահաբեկել կամ սպառնալ («Ազդակ», 11/7/2025, էջ 2):

Բազմակի անդամները կը գտնուին ստորադաս նախադասութեան մէջ՝ ահաբեկել եւ սպառնալ, որոնց առաջինը ներգործական է, իսկ երկրորդը՝ չէզոք:

Հետեւաբար ասոնք պարտէին ունենալ երկու տարբեր հոլովի լրացումներ՝

-- հայցական հոլով ահաբեկել-ին համար,

--տրական հոլով՝ սպառնալ-ին համար:

Բայց ահա իր յեղափոխաշունչ  մարտակոչին անձնատուր՝ այս նանրաբան հերոսին վերջին հոգն էր հայերէնն ու անոր ոճաբանութիւնը, որ աւելի գիտակ գրիչ

մը պիտի շարադրէր սապէս.

--Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ կարելի չէ  ահաբեկել կամ որուն սպառնալ:

--Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ կարելի չէ  ահաբեկել կամ սպառնալ անոր:

                                                       *   *   *

Սերտենք նաեւ հետեւեալ  իւրայատուկ անհամասեռութիւնը.

--Ան սպառնացած է եւրոպական այն աւագանիին, որոնք կը մասնակցին Մոսկուայի զօրահանդէսին:

Այս օրինակի անհամասեռութիւնը կը կայանայ ն աւագանին յարաբերեալին եւ անոր  տրուած է որոնք  յարաբերականին միջեւ:

Ի՞նչ մտածել այս կառոյցին մասին:

Իսկ  ի՞նչ մտածած է  մեզմէ առաջ զայն գրողը ինքը:

Յօդուածագիրը  ի մտի ունի, որ աւագանի  կառոյցը նշանակութեամբ յոգնակի է, կը նշանակէ աւագները, մեծերը, փորձառուները:

Եւ ահա այս մտածումով ալ՝ աւագանի-ին տուած է յոգնակի յարաբերական մը՝ որոնք ,  անշուշտ յոգնակի բայով՝  կը մասնակցին

Իր սխալը կը սկսի ճիշդ այստեղ:

Աւագանի, այո, կը նշանակէ աւագներ, սակայն ան ըստ ձեւի չի համապատասխաներ, չի հաւասարիր արդի հայերէնի  ներ-ով կազմուած յոգնակի թիւ ունեցող գոյականներուն: Այդ պատճառով ալ լեզուն զայն իբրեւ յոգնակի կառոյց չ’ընդունիր, ճիշդ ինչպէս յոգնակի չեն՝

--բանակ, որ կը նշանակէ բազմաթիւ զինուորներ,

--աշակերտութիւն, որ կը նշանակէ բազմաթիւ աշակերտներ,

--ընտանիք, որ կը նշամակէ բազմաթիւ անդամներ,

--ժողովուրդ, որ կը նշանակէ մեծաթիւ քաղաքացիներ: 

Ասոնք բոլորը կը կոչուին «հաւաքական անուններ», որոնք նշանակութեամբ յոգնակի են, այո, սակայն քերականօրէն  յոգնակի չեն:

Մենք կ’ըսենք՝

--«Բանակը յարձակեցաւ», եւ չենք ըսեր «բանակը յարձակեցան»:

Գիտնալով հանդերձ, որ բազմաթիւ զինուորներ յարձակեցան:

Պարագան նոյնն է միւս հաւաքական անուններուն համար, որոնք կ’ընկալուին իբրեւ եզակի գոյականներ, հետեւաբար եզակի ստորոգիչ կը պահանջեն՝ յարձակեցաւ..., բայց նաեւ՝ եզակի յարաբերական դերանուն՝ որ.

--բանակը, որ յարձակեցաւ,

--աշակերտութիւնը, որ վերադարձաւ դպրոց,

--ընտանիքը, որ ճամբորդեց հայրենիք,

--ժողովուրդը, որ կը պատուէ իր հերոսները:

Այնպէս ալ՝

--աւագանիին, որ կը մասնակցի

Աւագանի-ին ածանցը ունին նաեւ՝ 

--տեսականի=տեսակներ --նամականի=նամակներ

--առածանի=առածներ --ընտրանի=ընտիրներ



Արմենակ Եղիայեան 
armenag@gmail.com