Օրերս, Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Կիլիկեան կրթական հաստատութեան հոգաբարձու անդամներէն եւ նուիրեալ կրթական մշակ Մատլէն Մելքիսէթեան: Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Հալէպի իր աղբիւրէն:
Սրտի խոր կսկիծով Կիլիկեան կրթական հաստատութեան հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը գուժած են մահը իրենց հոգաբարձու անդամներէն եւ կրթական մշակ հանգուցեալ Մատլէն Մելքիսէթեանին:
Հանգուցեալին եղբօր աղջիկը՝ օր. Վարդուկ Չաթալպաշեան դամբանականի խօսքին մէջ անդրադառնալով հօրաքրոջ Մատլէնի կեանքին ու ծառայութեան մասնաւորապէս ըսած է.-
«Մատլէն Մելքիսէթեան ծնած է Հալէպ 1953-ին: Դուստրն է տէր եւ տիկ. Յարութիւն եւ Մարի Մելքիսէթեաններուն: Նախնական ուսումը ստացած է Կիլիկեան վարժարանին մէջ, որուն շրջանը աւարած է յաջողութեամբ: Ապա անցած է Կիլիկեան ճեմարան եւ բոլորելով 1972-1973 տարեշրջանը ձեռք բերած է սուրիական պաքալորիան: Քանի մը տարիներ Կիլիկեան վարժարանին մէջ ուսուցչութիւն ընելէն վերջ խնամակալութեան կողմէ ուղարկուած է Երեւան, ուր Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական հիմնարկի դասընթացքներուն հետեւելով 1985-1986 տարեշրջանին աւարտած է համալսարանի «նախադպրոցական տարիքի երեխաներու մանկավարժութիւն եւ հոգեբանութիւն» բաժինը եւ ստացած համապատասխան վկայական:
Հալէպ վերադարձին, իրեն վստահուած է Կիլիկեան վարժարանի Մայք Նազարէթեան Տիպար մանկապարտէզի մանկապարտիզպանուհիի պաշտօնը, զոր վարած է մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը:
Մատլէն Մելքիսէթեան երկար տարիներ նաեւ ծառայած է ՀՄՄ-ի սկաուտական շարքերէն ներս, որպէս հիմնադիր խմբապետուհի իր ներդրումը ունենալով դաստիարակչական եւ հայրենասիրական ներշնչումներով:
Տարիներ իր օժանդակութիւնը բերած է որպէս հոգաբարձու Կիլիկեան ճեմարանէն ներս աշխատակցելով ի նպաստ Կիլիկեան ճեմարանի բարգաւաճման եւ առաջդիմութեան:
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր հարազատ մերձաւորներուն, մօտիկ պարագաներուն եւ Կիլիկեանի մեծ ընտանիքին:
Յիշատակը անթառամ, հողը թեթեւ ըլլայ:»