image
Հրատապ լուրեր:

Քրիս Ռէյ (Chris Rea). Ձայն, որ կը պատմէր դժոխքէն փրկուելու մասին

Քրիս Ռէյ (Chris Rea). Ձայն, որ կը պատմէր դժոխքէն փրկուելու մասին

Քրիս Ռէյի ամենատարուած երգերէն մին կը համարուի «Ճանապարհ դէպի դժոխք» երգը։

 Երգը միայն Ռոք ժանռի հոգեյոյզ երգ մը ըլլալէ անդին կը խօսի արդի մարդուն ունեցած ապրումներուն մասին։

 Ապրումներ, երբ մոլորակն ու բնութիւնը աղարտուած են ու ինք մնացած է «անճառ» այդ բոլորին դիմաց։

 Խորքին մէջ երգը «մարտակոչ» մըն է արժեւորելու մայր բնութիւնը ու նաեւ կարեւոր քայլեր իրականացնելու բուժելու համար մարդկութիւնը չարչրկող բնապահպանական մեծ հարցերը։

 Ու թերեւս ատոր համար ալ ուզեցի այդ երգի բառերը ներկայացնել՝ հայերէնով։

 

 Ճանապարհ դէպի դժոխք…

Ահա, կը կանգնիմ գետի մը եզերքին

Բայց ջուրը չի հոսիր,

Կ՚եռայ ջուրը, ամէն տեսակ թոյներով…։

Ես կանգնած եմ փողոցի լոյսին տակ,

Բայց այն ուրախութեան լոյսը, որ գիտեմ,

Վախի մէջ է՝ անհաւատալի չափով,

Խորքը՝ ստուերներուն մէջ։

Բռնութեան աղաւաղուած վախը

Կը խեղդէ ժպիտ մը ամէն դէմքի վրայ,

Եւ հասարակ բանականութիւնը

Կը հնչեցնէ ահազանգի ձայնը։

Ասիկա արհեստագիտական խափանում մը չէ,

Օ՛հ, ո՛չ, ասիկա ճամբան է

Դէպի դժոխք։

Եւ բոլոր ճամբաները կը խցանուին պարտքով,

 Ու ատոր դիմաց ոչինչ կրնաս ընել…։

 Ամէն ինչ թուղթէ կտորներու վերածուած է.

 Որ կը թռչի ու կը հեռանայ քեզմէ։

Օ՛հ, զգո՛յշ եղիր, աշխարհ, լաւ նայիր,

Թէ ի՛նչ կը պատահի հոս,

Այս դասը պէտք է շուտ սորվիս

Եւ լաւ սորվիս։

Ասիկա վերելքի տանող արագ ճամբայ մը չէ,

Օ՛հ, ո՛չ, ասիկա ճամբան է…

Կ’ըսեմ՝ ասիկա ճամբան է,

Ասիկա ճամբան է

Դէպի դժոխք»։

 

 

 

 

Ռոք երաժշտութիւնը իբրեւ յանձնառութիւն 

Ռոք ժանռի երաժշտութիւնը միայն զուարճանքի համար ստեղծուած երաժշտութիւն մը չէ։ Գաղտնիք ալ չէ, որ Ռոք երաժշտութեան իւրաքանչիւր հեղինակ իր ապրումները, մտահոգութիւնները, իր առօրեան եւ գալիքի հանդէպ ունեցած վախերը կը բաժնեկցի հանրութեան հետ։

 Շատ մը պարագաներու անոր ստեղծած երգն ու այդ երգին բառերը կը պարուրուին ներ-անձնական մշուշի մը մէջ, իսկ շատ ատեններ այդ երգերն ու երգերուն ընթացքին հնչող բառերը կը դառնան մաս՝ հաւաքականութիւններու։

 Հազարաւոր երկրպագուներ, որ կ՚ապրին աշխարհի չորս ծագերուն կը կիսեն իրենց նախասիրութիւնը հանդիսացող երգիչ-աշուղին յոյզերը, խօսքերը եւ ձայնը, որ կը դառնայ մասնիկ մը իրենց առօրեային մէջ։

 Այս տողերը գրողն ալ անոնցմէ է, որ յատուկ սէր տածած են Բրիտանացի երգիչ Քրիս Ռէյին հանդէպ։ Ու մեծ հաշուով անցնող տարին  տխուր տարի մը կը համարեմ (ես եւ հազարաւոր այլ մարդիկ), որովհետեւ տարեփակի օրերուն տիտանական երգիչ 75 -ամեայ Քրիս Ռէյը կը հեռանար մեզմէ։

 Թողնելով յիշատակներու, ապրումներու, յաջողութիւններու ու մանաւանդ իր անձին հանդէպ գոյացած սիրոյ մեծ փունչ մը։ 

 Ու զարմանալին այն է, որ Ռէյը, որուն ստեղծած երգերուն մէջ Լոնտոնեան «ամպամած» շունչ մը կայ, կարողացած էր (շնորհիւ իր մեծ տաղանդին) «տեղայնացնել» իր արուեստը ու դառնալ իւրաքանչիւր երկրպագուի ապրած ու դեռ ալ ապրելիք կեանքին կարեւոր մէկ մանրամասնութիւնը, մէկ մասնիկը, մէկ հատուածն ու մէկ բաժինը։ 

 Յաճախ անկարեւոր թուացող անոր երգերը (կան մարդիկ, որ պիտի ըսեն եղածը երգ մըն է, յար եւ նման հազարաւոր այլ երգերու, որոնք տեւաբար կրնան հնչել ու լսուիլ) ոչ միայն ապրումներուն հետ գոյակցութեան մէջ մտնող  շշնչումներ են, այլ նաեւ քաղաքացիական կեցուածքներու, բողոքներու ու մանաւանդ աւելի լաւ աշխարհ մը կերտելու կարեւորութեան մասին յղացքներ ու պատգամներ են։

 Պատգամներն անշուշտ առանց քարոզի, առանց ճառային մօտեցումներու կամ աւելի վատը առանց սուտի, կամ ստախօսութեան։

 Ու այս առումով ալ եթէ այդ նշանակալից երգերուն նախերգանքը տուած են դարձեալ Բրիտանացի «Պիթըլզ»ները, ապա ապահովաբար բոլորիս շատ յայտնի «Բինք ֆլոյտ»ի «Սքորբյընզ»ի կամ Ճիմ Մորիսընի կողին Քրիս Ռէյն արդէն իսկ ապահոված է եւ ունի իրեն արժանի տեղն ու դերը «Յանձնառու երաժշտութեան» անդաստանին մէջ։

 Զարմանալի պիտի թուի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այս սիւնակի հետեւողներուն համար, որ յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումներուն մասին արտայայտուողս այսօր ելած եմ գրելու երգի ու երաժշտութեան մասին, բան մը, որ իմ ոլորտս չէ։ Համաձայն եմ, բարդ է պատկերը, բայց պիտի շտապեմ ըսելու, որ իւրաքանչիւրիս համար երգն ու երաժշտութիւնը արժէքաւոր տարրեր են։ Մեր օրը կիսող, մեզի թեւեր տուող ու նաեւ մեզ համոզող, որ այսո մենք բոլորս արժանի ենք աւելի լաւ աշխարհ մը ունենալու։

 Այնպէս, որ վրիպում կամ թերացում չհամարէք այս գիրը, այլ նկատեցէք այն որպէս առիթ ապրելու նոր աւիշով, որ կը խօսի աւելի լաւ աշխարհ մը կերտելու յոյսերուն մասին, որոնք կրնան միշտ չերեւիլ, յապաղիլ ու ուշանալ, բայց միեւնոյնն է կը գտնուին ու կ՚ապրին մեզմէ իւրաքանչիւրի հոգիներուն խորքը։

 Քրիս Ռէյը անոնցմէ է, ու ահա այսօր կը յարգեմ իր յիշատակը, կը բերեմ իր անունը Ձեզի, կը փորձեմ կարճ տողերու մէջ ներկայացնել զինք,որպէսզի դուք եւս իմ նման լսէք ու ապրումի պահերը յաւերժացնէք իր երգերով։

 

Ո՞վ էր Քրիս Ռէյը 

Անգլիոյ Միտլսպրօ քաղաքին մէջ ծնած երաժիշտը մեծ յաջողութիւններ ունեցաւ «Driving Home for Christmas», «On the Beach» եւ «The Road to Hell» երգերով։

Քրիս Ռէյը, որուն ամենանշանաւոր երգերէն մէկն էր «Driving Home for Christmas»-ը, մահացաւ 74 տարեկանին։ Այս մասին յայտնեց անոր ընտանիքին խօսնակը։ Ընտանիքին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ռէյը «խաղաղ կերպով մահացաւ հիւանդանոցին մէջ՝ կարճատեւ հիւանդութենէ մը ետք»։

Ռէյ իր երաժշտութեան մէջ համադրեց պլուզը, փոփը, սոուլը եւ մեղմ ռոքը։ Ան հրատարակեց 25 ալպոմ, որոնց մէջ ընդգրկուած էին «The Road to Hell»-ը (որուն ալպոմը Մեծն Բրիտանիոյ մէջ հասաւ առաջին դիրքի), «Driving Home for Christmas»-ը՝ տարուան վերջաւորութեան անբաժանելի երգ դարձած, եւ «On the Beach» ու «Josephine» ստեղծագործութիւնները, որոնք լայն ժողովրդականութիւն գտան։ Արուեստի իր ճանապարհորդութեան  ընթացքին Ռէյ վաճառեց աւելի քան 30 միլիոն ալպոմ։

Ան ծնած էր 1951-ին, իտալացի հօր եւ իրլանտացի մօր ընտանիքին մէջ, վեց քոյր-եղբայր ունենալով։ «Իրլանտացի-իտալացի ըլլալ Միտլսպրոյի սրճարանին մէջ՝ կեանքս սկսաւ իբրեւ օտար», ըսած էր ան տարիներ անց։

Երիտասարդ տարիքին Ռէյ երաժշտութեամբ կը զբաղուէր զուգահեռաբար ծանր ֆիզիքական աշխատանքներ ընելով, ներառեալ իր հօր պաղպաղակի գործարանին մէջ։ Ժամանակ մը նոյնիսկ լրագրող դառնալու գաղափարը ունեցած էր։ 22 տարեկանին միացաւ «Magdalene» խումբին, որուն մէջ նախապէս մասնակցած էր նաեւ Տէյվիտ Քովըրտէյլը (ապագային՝ Deep Purple-ի անդամ)։ Ապա միացաւ «Beautiful Losers» խումբին, սակայն երբ ստացաւ ձայնագրման պայմանագիր, որոշեց մենակատար դառնալ եւ 1974-ին թողարկեց իր առաջին մենակատարումը՝ «So Much Love»-ը։

Իր առաջին մեծ յաջողութիւնը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ 1978-ին «Fool (If You Think It’s Over)» երգը հասաւ ամերիկեան հիթ-շքերթի (հիթ ի նկատի ունիմ՝ երգ, կատարում խմբ. Ս. Ա.)12-րդ դիրքին եւ անոր համար ստացաւ «Գրեմմի»ի առաջադրութիւն՝ որպէս նոր արտիստ։ Հետագային քանի մը տարի դժուարութիւններ ունեցաւ՝ երաժշտական արդիւնաբերութիւնը նկարագրելով որպէս «մեծ գոմաղբի կոյտ մը, որ կը խմորէ»։ Այնուամենայնիւ, 1983-ին թողարկուած «Water Sign» ալպոմը մեծ յաջողութիւն ունեցաւ Եւրոպայի մէջ եւ փոխեց իր բախտը։

1980-ականներու վերջաւորութիւնը Ռէյին համար եղաւ «առեւտրական» ամենայաջող շրջանը։ 1987-ի «Dancing With Strangers» ալպոմը սկիզբ դրաւ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ վեց անընդմէջ «թոփ 10» ալպոմներու շարքի մը, որոնցմէ երկուքը հասան առաջին դիրքի։

1988-ին հրատարակուած «New Light Through Old Windows» հաւաքածոյ ալպոմը կը պարունակէր իր ամենայայտնի երգերէն մին՝ «Driving Home for Christmas»-ը, որ սկզբնապէս ձայնագրուած էր 1986-ին։ Սկզբնական շրջանին երգը մեծ արձագանգ չունեցաւ, սակայն տարիներու ընթացքին դարձաւ Սուրբ Ծննդեան շրջանի ամենասիրուած երգերէն մէկը՝ 2021-ին հասնելով Մեծն Բրիտանիոյ հիթ-շքերթի 10-րդ դիրքին։

Ռէյը այդ երգը գրած էր կեանքի դժուար փուլ մը անցնելու ժամանակ, երբ առանց, ձայնագրման պայմանագիր չունէր եւ նոյնիսկ ինքնաշարժ վարելու արտօնութիւն չունէր։ Իր կինը ստիպուած եղաւ զինք Լոնտոնէն դէպի Միտլսպրո մեքենայով հասցնել, որովհետեւ գնացքի տոմսի գումար չունէին։ Ճամբուն վրայ գրեց բառերը, սակայն երգը ամբողջացուց միայն քանի մը տարի ետք։

«Վախ ունէի, թէ երգը պիտի կործանէ իմ վերջին վստահելիութիւնը, բայց այսօր զուարճանքով կը նայինք անոր», ըսած էր ան 2016-ին «Guardian»-ին։ «Եթէ երբեւէ M25 մայրուղիին վրայ խցանման մէջ մնամ, պատուհանը կը բանամ եւ կը սկսիմ երգել՝ ‘I’m driving home for Christmas’։ Մարդիկ կը սիրեն այդ»։

2000-ականներուն Ռէյի հիթ-շքերթային յաջողութիւնը նուազեցաւ։ 2002-ի «Dancing Down the Stony Road» ալպոմէն սկսեալ, ան հեռացաւ փոփէն եւ վերադարձաւ թեթեւ պլուզին, որ իր երաժշտական առաջին ներշնչանքն էր։

Մեքենաներու եւ ճամբաներու հանդէպ իր սիրոյն համահունչ՝ Ռէյ նաեւ մոթորասպորտի մեծ սիրահար էր։ Ան մասնակցած է 1993-ի Բրիտանական «Թուրինկ Քար» առաջնութեան եւ 1995-ի Ֆորմիւլա 1-ի մրցաշրջանին միացած էր «Jordan» խումբին՝ որպէս ինքշարժի նորոգող-մասնագէտ։ «Չէի ուզեր կարեւոր մէկը ըլլալ, ես Էտի Իրւինի աջ ետեւի անիւին պատասխանատուն էի», յիշած էր ան։

Քաղաքական առումով Ռէյը աջակցեցաւ Բրիտանիոյ «Աշխատաւորական» կուսակցութեան։ 2017-ին գրեց, բայց չհրապարակեց, երգ մը Ջերեմի Քորպինի մասին՝ «What’s So Wrong With a Man Who Tells the Truth?» վերնագրով։

Կեանքի ընթացքին Ռէյ բախեցաւ բազմաթիւ առողջական խնդիրներու։ 2001-ին ախտորոշուեցաւ ենթաստամոքսային գեղձի քաղցկեղով եւ վիրահատութեան ենթարկուեցաւ՝ հեռացնելով ենթաստամոքսային գեղձը, ստամոքսէն եւ բարակ աղիքէն մասեր։ այդ բոլորի արդիւնքով ան դարձաւ շաքարախտ ունեցող։

2016-ին կաթուած ստացաւ, որուն մասին ըսաւ. «Շատ սարսափելի պահ մըն էր։ Կարծեցի, թէ կաթուածը ազդած է իմ երաժշտական լսողութեան վրայ, բայց մարդիկ վստահեցուցին, որ իմ նուագս անփոփոխ է»։ 2017-ին ան բեմին վրայ ուշագնաց եղաւ Օքսֆորտ քաղաքին մէջ տրուած համերգի մը ընթացքին եւ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ։

 Ան իր կնոջ Ժոանին հետ կազմած է սիրալիր ընտանիք , (կնոջը ճքանչցած էր դեռ 17 տարեկան հասակին) բախտաւորուած են եւ իրենց երկու դուստրերով ՝ Ժոզեֆին եւ Ճուլիան, որոնց անունները ան տուած էր նաեւ իր յայտնի երգերուն։

 

Ռէյի գլխաւոր երգը՝ The Road To Hell 

Քրիս Ռէյի ամենատարուած երգերէն մին կը համարուի «Ճանապարհ դէպի դժոխք» երգը։

 Երգը միայն Ռոք ժանռի հոգեյոյզ երգ մը ըլլալէ անդին կը խօսի արդի մարդուն ունեցած ապրումներուն մասին։

 Ապրումներ, երբ մոլորակն ու բնութիւնը աղարտուած են ու ինք մնացած է «անճառ» այդ բոլորին դիմաց։

 Խորքին մէջ երգը «մարտակոչ» մըն է արժեւորելու մայր բնութիւնը ու նաեւ կարեւոր քայլեր իրականացնելու բուժելու համար մարդկութիւնը չարչրկող բնապահպանական մեծ հարցերը։

 Ու թերեւս ատոր համար ալ ուզեցի այդ երգի բառերը ներկայացնել՝ հայերէնով։

 

 Ճանապարհ դէպի դժոխք…

Ահա, կը կանգնիմ գետի մը եզերքին

Բայց ջուրը չի հոսիր,

Կ՚եռայ ջուրը, ամէն տեսակ թոյներով…։

Ես կանգնած եմ փողոցի լոյսին տակ,

Բայց այն ուրախութեան լոյսը, որ գիտեմ,

Վախի մէջ է՝ անհաւատալի չափով,

Խորքը՝ ստուերներուն մէջ։

Բռնութեան աղաւաղուած վախը

Կը խեղդէ ժպիտ մը ամէն դէմքի վրայ,

Եւ հասարակ բանականութիւնը

Կը հնչեցնէ ահազանգի ձայնը։

Ասիկա արհեստագիտական խափանում մը չէ,

Օ՛հ, ո՛չ, ասիկա ճամբան է

Դէպի դժոխք։

Եւ բոլոր ճամբաները կը խցանուին պարտքով,

 Ու ատոր դիմաց ոչինչ կրնաս ընել…։

 Ամէն ինչ թուղթէ կտորներու վերածուած է.

 Որ կը թռչի ու կը հեռանայ քեզմէ։

Օ՛հ, զգո՛յշ եղիր, աշխարհ, լաւ նայիր,

Թէ ի՛նչ կը պատահի հոս,

Այս դասը պէտք է շուտ սորվիս

Եւ լաւ սորվիս։

Ասիկա վերելքի տանող արագ ճամբայ մը չէ,

Օ՛հ, ո՛չ, ասիկա ճամբան է…

Կ’ըսեմ՝ ասիկա ճամբան է,

Ասիկա ճամբան է

Դէպի դժոխք»։

 

Սագօ Արեան 
«Ժամանակ»/Պոլիս

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...