Նախագահութեամբ Պոլսոյ Ն.Ա.Տ.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի օրերս կրօնական արարողութեան աւարտին բնիկ Պէյրութցի Սօսի Թերզեան վերակոչուեցաւ Քոյր Հռիփսիմէ։ Ան միացաւ Պոլսոյ Գալֆայեան տան ուխտին։
Ստորեւ այդ մասին Պատրիարքարին կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը՝
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 28 Յունուար 2026, Չորեքշաբթի, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ արարողութեանց հանդիսապետեց եւ կատարեց նոր քոյրի մը քօղի տուուչութիւնը:
Առաջաւորաց Պահքի Չորեքշաբթի առաւօտ Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցան գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւններ: Արարողութեանց մասնակցեցան Աթոռոյս վեղարաւոր միաբան հայրերը, քահանայից դասը, Գալֆաեան ուխտի քոյրը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը:
Մեր Հոգեւոր Պետը խօսեցաւ միանձնուհիութեան, Հայ Եկեղեցւոյ մէջ քոյրերու եւ Գալֆաեան ուխտի քոյրերու ու իրենց դերին մասին: Նորին Ամենապատուութիւնը ապա ծանօթացուց դպրուհի Սօսի Թէրզեանը, որ դիմած էր Գալֆաեան ուխտի միաբան ըլլալու համար:
Ապա սկսաւ քօղի տուուչութեան արարողութիւնը: Ընծայեալը կարդաց եւ ստորագրեց իր ուխտագիրը: Ապա աղօթքներով Պատրիարք Հայրը օրհնեց ընծայեալն ու անոր միանձնուհիի քօղը եւ նոր անուն տալով կոչեց զայն Քոյր Հռիփսիմէ:
Տպաւորիչ հոգեւոր հանդիսութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը Պահպանիչ աղօթքով օրհնեց նորընծայ Քոյր Հռիփսիմէն ու անոր բարի եւ արդիւնաւէտ առաքելութիւն մաղթեց:
Կրօնական արարողութեանց աւարտին, Գուզկունճուքի Թաղային Խորհուրդը սիրոյ սեղան սարքեց եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ, ուր ներկաներ առիթ ունեցան նորընծայ Քոյր Հռիփսիմէն շնորհաւորելու:

