image

Ընթերցումներս. Սաստկաբանութիւն (6). Գրեց՝ Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս. Սաստկաբանութիւն (6). Գրեց՝ Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս (57)

Սաստկաբանութիւն (զ)

  1. Շարահիւսական սաստկացուցիչներ

            ժբ) Յաւելական շաղկապներ

            Այսպէս կը կոչուին համադասական միաւորիչ այն  շաղկապները, որոնք  կը փակեն համադասուող առարկաներու, յատկանիշերու կամ գործողութեանց շարքը՝ յատուկ արժեւորելով եւ լուսարձակի տակ առնելով իրենցմով  շաղկապուող  վերջին առարկան, յատկանիշը կամ գործողութիւնը:

  Օրինակ՝

--Արամը եւ Թորոսը  յաջողեցան, Աշո՛տն ալ յաջողեցաւ:

Նկատելի է, որ այս երեք յաջողութիւններէն  Աշոտինը տարբեր հնչեղութիւն մը ունի. կայ բան մը, որ այս յաջողութիւնը առանձնայատուկ կը դարձնէ եւ կը բնորոշուի խօսողին ու լսողին ծանօթ պատճառաբանութեամբ մը. կա՛մ այն է, որ չէր ակնկալուեր Աշոտին յաջողութիւնը, կա՛մ այն է, որ ցանկալի չէր այդ յաջողութիւնը, կամ...կամ...կամ... 

Այս իրողութեան աւելի դիւրին կ’անդրադառնանք զուգադրելով եւ ու ալ-ը:

            --Արամը, Թորոսը  եւ Աշոտը յաջողեցան:

            --Արամը եւ Թորոսը յաջողեցան, Աշո՛տն ալ յաջողեցաւ:

            Առաջին օրինակը առարկայական հաղորդումն է իրողութեան մը, ուր համադասուող անձերուն միջեւ ոչ մէկ զանազանութիւն դրուած է,  այլ կը տիրէ ամբողջական համազօրութիւն ու հաւասարութիւն: Մինչ երկրորդով՝ զանազա-նութիւն մը կայ,  մէկ կողմէ՝ Արամին ու Թորոսին, միւս կողմէ՝ Աշոտին միջեւ. խօսողը զինք ընկալողին յատուկ  ուշադրութեան առարկան կը դարձնէ Աշոտին յաջողութիւնը, եւ այս  նրբութիւնը կը պարտինք ալ շաղկապին: Եւ արդէն հայը բնական հակումով մը  կը շեշտէ ալ-ին շաղկապած եզրը՝ Աշո՛տն ալ, նոյնիսկ եթէ այդ շեշտը անպայման չդրուի գրաւոր խօսքի մէջ: 

            Յաւելական շաղկապներով կապակցուող  եզրերը կրնան գտնուիլ նոյն նախադասութեան ծիրէն ներս, ինչպէս է պարագան վերը բերուած օրինակին, բայց կրնայ պատահիլ, որ անոնցմէ միայն մէկը գտնուի տուեալ նախադասութեան մէջ. օրինակ՝ հաստատութեան մը մէջ ծառայող պաշտօնեայ մը իր մէկ պաշտօնակիցին դիմելով ըսէ. «Ատոմն ալ գործէ արձակեցին»,− եւ այսքան միայն: Սա կը նշանակէ, թէ ուրիշները նախապէս արդէն արձակուած են գործէ, եւ ահա հիմա կարգը հասաւ Ատոմին: Այսպէս խօսողը ձեւով մը վստահ է, որ իր խօսակիցին ծանօթ են գործէ արձակման  միւս պարագաները կամ թէ հանրօրէն ակներեւ են այդ արձակումները:  

      Բաղդատել նաեւ՝ «Այդ աղանդը սկսաւ թափանցել գիւղական շրջանները եւս»,− ինչ որ կը նշանակէ թէ ոչ-գիւղական շրջանները արդէն թափանցած էր, եւ այդ թափանցումը ծանօթ իրողութիւն է:

            Ալ եւ եւս բոլորովին նոյնանիշ են: 

            Ծանօթ.− Ալ շաղկապը, յաւելական կիրարկութենէն բացի, ունի սաստկական  շեշտուած կիրարկութիւն մըն ալ  հարցական նախադասութեանց մէջ. բաղդատել.

              -- Դուն հրաւիրեցիր, եւ  մերժե՞ց քեզ:

              -- Դուն հրաւիրեցիր ալ, մերժե՞ց քեզ:

    Առաջինը սովորական հարցում մըն է, որ  լուսաբանութիւն ստանալու կը ծառայէ:  Բոլորովին ուրիշ բան է երկրորդը, որ ոչ մէկ լուսաբանութիւն կը պահանջէ, այլ  հռետորական բնոյթ ունի եւ պարզապէս այպանք ու կշտամբանք է ան հանդէպ խօսակիցին, որուն հրաւէրին չի հաւատար ենթական. սա համազօր է ըսելու. «Դուն  չես հրաւիրած զինք, այդ պատճառո՛վ  չեկաւ ան»  կամ թէ «Երբ չես հրաւիրած զինք, ինչպէ՞ս կ’ուզէիր, որ գար»:

Յաւելական միւս շաղկապներն ու շաղկապական բառերն են՝ եւս, այլեւ, ինչպէս եւ, ինչպէս նաեւ, նաեւ, նոյնպէս եւ, մանաւանդ, մասնաւորաբար, յատկապէս, նմանապէս, նմանապէս ալ, (այլ) մինչեւ իսկ,  ինչպէս...այնպէս ալ,  ոչ միայն...այլեւ:  Այս բերուած շաղկապներուն բոլորը փոխարինելի են վերը բերուած օրինակներու ալ շաղկապով: Ասոնք,  անշուշտ տարբեր յաճախականութեամբ,  կը կատարեն նոյն դերը՝ իմաստային  աւելի կամ պակաս նուրբ տարբերութեամբ:     

Օրինակ՝ 

            --Այդ  կոչին ընդառաջեցին  մեր  ընկերները,  համակիրնե՛րը եւս

            --Այդ կոչին ընդառաջեցին մեր  ընկերները,   նոյնպէս եւ համակիրները:

            --Այդ կոչին ընդառաջեցին մեր ընկերները, մասնաւորաբար...

            --Այդ կոչին  ընդառաջեցին ոչ միայն մեր ընկերները, այլեւ համակիրները: 

            --Այդ կոչին ընդառաջեցին ոչ միայն մեր ընկերները, այլ մինչեւ իսկ...   

            Նկատենք, որ այս շաղկապներու ցանկէն կը բացակային եւ եւ ու շաղկապները. այսպէս է, որովհետեւ այս երկուքին յաւելական իմաստները վաղո՜ւց մաշած ու նսեմացած են. եւ այս իրողութեան կարելի է դիւրաւ անդրադառնալ զուգադրելով ասոնք յաւելական շաղկապի մը:  Օրինակ՝ 

            --Սեղանին վրայ դրուած էին հաց, պանիր, մածուն եւ/ու կարագ:

            --Սեղանին վրայ դրուած էին հաց, պանիր, մածուն,  նաեւ  կարագ:  

            --Սեղանին վրայ դրուած էին հաց, պանիր, մածուն, մինչեւ իսկ կարագ:

            Եւ/ու միաւորիչ շաղկապի պարագային կարագը բոլորովին հաւասար համադասուած է   առաջին երեք առարկաներուն՝ առանց որեւէ յատուկ հնչեղութեան, իբրեւ բոլորովին համարժէք իրակութիւն: Տարբեր է կարագ-ին  հնչեղութիւնը եւ ստացած կարեւորութիւնը երկրորդին մէջ, ուր ան շաղկապուած է նաեւ յաւելական շաղկապով: Սակայն շատ աւելի շեշտուած է ան երրորդին մէջ: Այսպէս է, որովհետեւ  եւ/ու համադասական միաւորիչ շաղկապները  արդի հայերէնի  մէջ բոլորովին զրկուած են սատկական երանգէ:

             Յաւելական շաղկապներուն կը յարի ներառեալ բառը, որ իր կարգին օժտուած է սաստկական բաւական  շեշտուած երանգով մը. բաղդատել՝ 

             --Կ’ակնկալենք, որ յաջողին  Արան,  Աշոտն ու Մակարը:

             --Կ’ակնկալենք, որ յաջողին  Արան ու Աշոտը, ներառեալ Մակարը:

             ժգ) Շարադասութիւն: Խօսքի կամ նախադասութեան որեւէ մէկ անդամի պաշտօնը սաստկացնելու ազդու միջոց է նաեւ  շարադասութիւնը. ըստ այսմ՝ նախադասութեան սկիզբը դրուող անդամը ինքնաբերաբար աւելի՛ կը տպաւորէ:

Օրինակ, բաղդատել.  

              --Այսօրուան զոհը Աշո՛տն է...:

              --Աշո՛տն է այսօրուան զոհը...:  

            

Արմենակ Եղիայեան
 armenag@gmail.com