Պէյրութահայ դեղագործներուն ու նաեւ դեղագործներու հիմնած դեղատուններուն մասին շատ է խօսուած։
Ինչպէս տարբեր ոլորտներու մէջ, նոյնպէս ալ դեղագործութեան պարագային հայութիւնը մեծ աւանդ ունեցած է։Փայլուն եւ ճարտար դեղագործներու աւանդը չի սահմանափակուիր Պէյրութով, այլ կու գայ Դամասկոսէն, Հալէպէն, Երուսաղէմէն եւ անշուշտ Պոլսէն։ Այս տողերը գրեցինք նաեւ յարգելու համար, բոլոր անոնց աւանդը, որոնք այդ ոլորտին մէջ ոչ միայն դարձան ճանչցուած ու սիրուած նուիրեալներ, այլ նաեւ բարձր պահեցին հայութեան անունը։
Այդ անուններէն է Լիբանանի «Գէորգեան» դեղարանի հիմնադիր, յայտնի դեղագործ Գէորգ Գէորգեանը, որուն մասին օրերս կարճ մահագրական մը ներկայացուած է Պէյրութի «Ազդակ»ը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ մահագրութիւնը։
11 հոկտեմբեր 2023-ին մահացաւ Գէորգ Գէորգեանը, որ որդին էր բնիկ սաղիմահայ աղ Յակոբ Գէորգեանի եւ Արցախեան արմատներով Վարդուհի Թոմայեան-Գէորգեանի:
Ծնած էր 1945 նոյեմբերին, Հայֆա, Պաղեստին: 1948-ին ծնողաց հետ Պէյրութ ապաստանած էին:
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եւ քաղաքի Ս. Նշան ազգային վարժարաններուն մէջ: 1955-ին ընդունուած է ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանը: Դպրոցին մէջ եղած է գործօն աշակերտ: Վարած է վարժարանին ՀԵԸ-ի կրտսերաց վարչութեան գանձապահութեան պաշտօնը:
Երկրորդական վարժարանի վկայականը Յովակիմեան-Մանուկեանէն ստանալէն ետք Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ հետեւած է դեղագործութեան բաժնին եւ իբրեւ դեղագործ` վկայուած է 1971-ին:
1978-ին ամուսնացած է Նորա Հ. Գումրուեանին հետ, ունեցած է երեք զաւակներ` Հուրի, Ռոզի եւ Յակոբ, որոնք հայկական ընտանիքներ կազմեցին եւ իրեն պարգեւեցին եօթը թոռնիկներ, որոնցմէ վերջինին` նորածին Գէորգին տեսնելու բախտը չունեցաւ:
Եղած էր UPJOHN դեղագործական ընկերութեան Պէյրութի ներկայացուցիչը, իսկ 1996-ին բացած էր իր սեփական դեղարանը, Պուրճ Համուտի մէջ:
Թէքէեան մշակութային միութեան վարչական եղած է, նաեւ հոգաբարձու` Վահան Թէքէեան վարժարանին: Վեթերան անդամ էր ՀԲԸՄ-ի եւ կը քաջալերէր Վեթերաններու համախմբումի ձեռնարկները:
Եղած է քիմիագիտութեան այցելու ուսուցիչ տարի մը Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի մէջ եւ 1972-1975` Հայ աւետարանական քոլէճի մէջ:
Լուրը՝ «Ազդակ»էն