Օրերս,Բանկալթըի «Պերզէ» գեղարուեստասրահին մէջ բացուած է նախկին պոլսահայ, ֆրանսաբնակ նկարչուհի Ասիլվայի անհատական ցուցահանդէսը՝ «Փարոս» ամսագրի աջակցութեամբ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ «Ժամանակ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Ֆրանսահայ յայտնի նկարչուհի Ասիլվա այս օրերուն Իսթանպուլի գեղարուեստասէրներուն կը ներկայանայ եզակի ցուցահանդէսով մը։ Բանկալթըի «Պերզէ» գեղարուեստասրահին մէջ բացուած է այս ցուցահանդէսը, որ շաբաթավերջին համախմբեց հոծ թիւով արուեստասէրներ։
Ասիլվա, որ կը բնակի Փարիզի մէջ, Իսթանպուլի գեղարուեստասէրներուն համար անծանօթ մը չէ, ուստի, բոլորին տեսակէտէ ողջունելի դարձած է իր գործերուն հերթական ցուցադրութիւնը քաղաքիս մէջ։
Ցուցահանդէսի բացման առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին ան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ համակիրներով։ Այցելուներու շարքին էր նաեւ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան։
Ասիլվայի ցուցահանդէսի կազմակերպչական աշխատանքները համակարգուած են «Փարոս» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիսի կողմէ։