image

Վնասը քիչ էր, բայց ծանր զգացումներով հեռացանք. 5 տարի անց հալէպահայը կը պատմէ Ազգային Գերեզմանատուն կատարած իր այցին մասին

Վնասը քիչ էր, բայց ծանր զգացումներով հեռացանք. 5 տարի անց հալէպահայը կը պատմէ Ազգային Գերեզմանատուն կատարած իր այցին մասին

Հալէպ («Արեւելք») «Գերեզմանատուն առաջին մտնողները եղանք, շրջանին մէջ մարդ մարդասանկ չկար եւ դուռը հրեցինք ու ներս մտանք» ըսաւ Հալէպահայ Ն. Յ.ն որ երէկ իր բարեկամին հետ յաջողած է մուտք գործել 5 տարիէի ի վեր պատերազմական գօտիի մաս կազմող Հալէպի Ազգային գերեզմանատուն:

Վերջին տաս օրուան ընթացքին Սուրիոյ բանակի Հալէպի մէջ գրանցած ձեռքբերումներուն շնորհիւ սկսած է կարելի դառնալ հասնիլ քաղաքի այնն հատուածները, որոնք անցնող գրեթէ տարիներուն դարձած էին զինուորական գործողութիւններու թատերաբեմ եւ ընդհանրապէս կը գտնուէիին ահաբեկիչ զինեալներու տիրապետութեան տակ:

«Մի քանի գերեզմաններ կային» շարունակեց ան ըսելով , որ «հրթիռներու բեկորներ ստացած էին, բայց ատոնք քիչ են: Մենք Մատուռին մէջ աղօթեցինք, ուր երեւի հինգ տարիէ ի վեր ոչ մէկ աղօթք հնչած էր: Մեր ընտանեկան դամբարանն ալ այցելեցինք ու հոն ալ մոմ վառեցինք: Չէի պատկերացներ այս վիճակին մէջ տեսնել գերեզմանատունը մանաւանդ, որ անոր շուրջ ծանր բախումներ եղած էին: Բաւական դժուարութեամբ հասանք: Անցարգելներէն մէկուն վրայ բանակի զինուորներ արգիլեցին մեր երթը, անշուշտ ապահովական մտավախութիւններով, բայց ջանք թափելէ եւ մեր մօտ եղած մոմերը ցոյց տալէ ետք ըսինք, որ պիտի այցելենք մեր շիրիմները:Անշուշտ միշտ բաց եւ յայտնի ճամբաներէ կը քալէինք խուսափելու համար ականներէ»:

Մեր զրուցակիցը,   նկարագրելով ընդհանուր իրադրութիւնը ըսաւ, որ գերեզմանին շուրջ ահաւոր ամայութիւն էր: «Փորձեցի Յակոբ Օշականին շիրիմը գտնել, բայց անհնար էր: Ահաւոր գէշ զգացումներով հեռացանք գերեզմանէն: Ի՞նչ ըսեմ՝ տխուր էի՞ կամ ուրախ,   ես ալ չեմ գիտեր: Ունեցած զգացումներուս անուն չկրցայ տալ: Պարզապէս հայու ճակատագիր, անտէր գերեզմաններ, որոնց շատերուն տէրերը այսօր չկան, բայց յոյսով ենք որ կը վերադառնան»: