Տահէշի Եւրոպայի համար նախատեսած «անակնկալները» տակաւին ի զօրու են: Այս մասին այսօր տեղեկութիւն կը փոխանցէ բրիտանական «Թայմզ»ը յղում տալով Տահէշի դէմ ստեղծուած միջազգային դաշինքի գլխաւոր պատասխանատու ամերիկացի զինուորական ՝ զօր. Ռոպըրթ Ճոնզին: Զօրավարը նաեւ ըսած է, թէ շնորհիւ քրտական ջոկատներուն, իրենք յաջողած են ձեռք ձգել Տահէշի ձեռագիրը կրող «յոյժ գաղտնի» փաստատթուղթեր, ուր բացայայտ կերպով տեղեկութիւններ կան Տահէշի յաջորդ ընելիքներուն վերաբերեալ: Նոյն աղբիւրը նաեւ յայտնած է, որ Ապու Պաքըր ալ Պաղտատիի վերջին ձայնային հաղորդագրութիւնը, (ուր վերջինս եւրոպական քաղաքներու դէմ գործողութիւններ կատարելու մասին կոչ ըրած էր) արդիւնք է պարտուողական հոգեվիճակի եւ շփոթի:
Գրուած մեկնաբանութեան մէջ տեղեկութիւն կայ, որ Տահէշի համար ամէնէն կարեւոր թիրախը կը համարուի ՝Փարիզը:
Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ամերիկայի քաղաքացիներուն կոչ ըրած էր հեռու մնալ եւրոպական քաղաքներ ճամբորդելէ, իսկ ճամբորդելու պարագային խորհուրդ տուած է զգուշօրէն շրջագայիլ: