image

Ասատ-Էրտողան հանդիպում տակաւին չէ ծրագրուած

Ասատ-Էրտողան հանդիպում տակաւին չէ ծրագրուած

Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ նախագահներու՝ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի եւ Պաշշար Ասատի միջեւ 11 տարուան ընթացքի առաջին հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքները կը շարունակուին։

Հանդիպման վերաբերեալ որոշում դեռ չէ կայացած, մինչեւ գագաթնաժողովը, բանակցութիւններ կը սպասուին յատուկ ծառայութիւններու, պաշտպանութեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարներու մակարդակով, լրագրողներուն յայտնած է Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Օմեր Չելիք, հաղորդած է ԹԱՍՍ։

«Նախ երկու երկիրներու հետախուզական ծառայութիւնները պիտի պատրաստեն թղթածրար բանակցութիւններուն համար, ապա հանդիպում պիտի կայանայ պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարներու մակարդակով, որմէ յետոյ կրնայ տեղի ունենալ նախագահներու հանդիպումը։ 

Էրտողան-Ասատ հանդիպման ժամանակացոյցի վերաբերեալ որոշում դեռ չէ կայացուած»,- ըսած է Չելիք: