image

Տահէշի Եւրոպայի համար «պատրաստած» անակնկալները տակաւին ի զօրու են

Տահէշի   Եւրոպայի  համար  «պատրաստած» անակնկալները   տակաւին ի զօրու են

 Տահէշի   Եւրոպայի համար  նախատեսած   «անակնկալները»   տակաւին ի զօրու են: Այս  մասին այսօր   տեղեկութիւն  կը փոխանցէ բրիտանական  «Թայմզ»ը  յղում  տալով Տահէշի դէմ ստեղծուած միջազգային  դաշինքի  գլխաւոր պատասխանատու ամերիկացի    զինուորական ՝  զօր. Ռոպըրթ  Ճոնզին:   Զօրավարը նաեւ ըսած է, թէ  շնորհիւ  քրտական ջոկատներուն, իրենք   յաջողած   են ձեռք  ձգել  Տահէշի  ձեռագիրը  կրող «յոյժ  գաղտնի»  փաստատթուղթեր, ուր բացայայտ  կերպով տեղեկութիւններ կան Տահէշի   յաջորդ ընելիքներուն վերաբերեալ:  Նոյն աղբիւրը նաեւ   յայտնած է, որ Ապու Պաքըր ալ Պաղտատիի  վերջին  ձայնային հաղորդագրութիւնը, (ուր վերջինս եւրոպական քաղաքներու դէմ գործողութիւններ կատարելու մասին   կոչ ըրած էր)  արդիւնք է   պարտուողական  հոգեվիճակի   եւ շփոթի: 

 

 

  Գրուած մեկնաբանութեան մէջ    տեղեկութիւն կայ, որ Տահէշի համար ամէնէն    կարեւոր թիրախը կը համարուի  ՝Փարիզը:

 

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութիւնը  Ամերիկայի  քաղաքացիներուն  կոչ   ըրած էր  հեռու մնալ  եւրոպական  քաղաքներ  ճամբորդելէ, իսկ  ճամբորդելու պարագային  խորհուրդ տուած է զգուշօրէն շրջագայիլ: