image

Սուրիոյ բանակը ամբողջութեամբ ազատագրեց Եարմուք գետի աւազանը

Սուրիոյ բանակը ամբողջութեամբ ազատագրեց Եարմուք գետի աւազանը

Սուրիոյ բանակն իր տիրապետութեան տակ առած է Տարհայի արուարձանին մաս կազմող Եարմուք գետի աւազանն ամբողջութեամբ, այսպիսով իր աւարտին հասցնելով երկրի հարաւ-արեւմտեան շրջանները զինեալ ահաբեկիչներէն ազատագրելու գործողութիւնը, կը գրէ «Ալ Մայատին» լրատուական կայքը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, ներկայիս կը սպասուի բանակի հրամանատարութեան կողմէ Սուրիոյ հարաւի ազատագրման պաշտօնական յայտարարումը:

«Սանա» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, երկրի հարաւային շրջաններու եւ մասնաւորապէս Եարմուք գետի աւազանի ազատագրման պայքարը բաւական թէժ եղած է, որուն ընթացքին բանակի զինուորներու եւ զինեալներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներու ժամանակ ահաբեկչական խմբաւորման միաւորները մարդկային զոհեր ու նիւթական զգալի վնասներ կրած են:

Նշուած է նաեւ, որ երէկ հանրակառքերով 198 զինեալ ահաբեկիչ իրենց ընտանիքներով դուրս բերուած են Քընայթրայի գիւղերէն: