Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը գիշերը հարուածած են Իրանի մէջ տասնեակ թիրախներ, այդ շարքին՝ Սպահանի միջուկային կառոյցը եւ չորս հրթիռային կայան։
Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, վկայակոչելով BBC-ին, այս մասին յայտնած են Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերը։
Իսրայէլի զինուած ուժերու տուեալներով՝ յարձակումներուն, ինչպէս նախորդ օրը, մասնակցած է մօտ 50 իսրայէլեան ռազմաօդային ուժի կործանիչ, որոնք նետած են 150 միաւոր զինամթերք։
Սպահանի միջուկային կառոյցը հարուածելու մասին նախապէս հաղորդած էին իրանեան լրատուամիջոցները։ Այն հարուածներու ենթարկուած է զինուած հակամարտութեան առաջին օրէն։ «Համալիրի տարածքին մէջ նոյնպէս յարձակման ենթարկուած են ցենտրիֆուգային կայան եւ այլ ռազմական թիրախներ», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Հարուածներ հասցուած են նաեւ Իսրայէլ անօդաչու սարքեր արձակելու համար օգտագործուող բեռնատարներուն, ինչպէս նաեւ պալիսթիք հրթիռներու պահեստաւորման եւ արձակման վայրերուն, ռատարներուն եւ հակաօդային պաշտպանութեան կայաններուն։