ՌԴ ոստիկանութեան աշխատակիցները ձերբակալած են ընդդիմադիր Ալեքսէյ Նաւալնին, որ 17 յունուարի երեկոյեան Պերլինէն վերադարձած է Մոսկուա: Նաւալնիին տարուած են «Շերեմետեւօ» օդակայանին մէջ անձնագրային հսկողութիւն անցնելէ ետք
Ի սկզբանէ ըսուած էր, որ ան պիտի ժամանէ «Վնուքովօ» օդակայան, բայց յետոյ թռիչքը վերահասցէաւորուած էր:
Օդանաւի վայրէջքէն ետք ոստիկանութիւնը փակած է մայրուղին Մոսկուայի օղակաձեւ ճանապարհի մօտակայքը՝ «Շերեմեթեւօ» տանող ճանապարհը եւ ելքը «Վնուքովօ»-էն:
Ալեքսէյ Նաւալնին իջած է օդանաւէն նստած հանրակառքը՝ մնացած ուղեւորներու հետ անձնագրային հսկողութիւն անցնելու համար: Օդակայանի շէնքին մէջ քաղաքական գործիչը կարճ զրոյց ունեցած է լրագրողներու հետ:
«Լիովին ուրախ եմ, որ եկայ: Վերջին հինգ ամիսներու ընթացքին սա ինծի համար ամենալաւ օրն է», –ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ չի վախնար Ռուսաստանի իրաւապահ մարմիններու կողմէ հնարաւոր գործողութիւններէն:
Իր թռիչքի վերահասցէաւորումը «Վնուքովօ»-էն «Շերեմեթեւօ», Նաւալնին անուանած է անհեթեթութիւն: Ընդդիմադիրը անյարմարութեան համար ներողութիւն խնդրած է նաեւ իր հետ թռչող ուղեւորներէն։