Իսթանպուլի մէջ իրաւապահները լայնածաւալ գործողութիւն սկսած են, ընդդիմադիր քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն ձերբակալելու հրաման տրուած է, հաղորդած է Sabah թերթը։
«Իսթանպուլի՝ մայրաքաղաքի քաղաքապետարանին մէջ լայնածաւալ կաշառակերութեան գործողութիւն սկսած է։
Գործողութեան շրջածիրէն ներս քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի եւ մամուլի հետ կապերու գծով անոր խորհրդական Մուրատ Օնկունի ձերբակալութեան հրաման տրուած է»,- ըսուած է հրապարակման մէջ։
Իսթանպուլի համալսարանը երկուշաբթի որոշում կայացուցած է չեղեալ համարել Իմամօղլուի վկայականը երկրի գլխաւոր դատախազութեան համապատասխան հարցումէն ետք, որ կը խոչընդոտէ անոր առաջադրումը երկրի նախագահի պաշտօնին: