Տեղեկատւութիւնը, որ կողմերէն մէկը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շրջափակած է ռուս խաղաղապահ ստորաբաժանումները, իրականութեան չի համապատասխաներ: Այդ մասին լրագրողներուն յայտնած են Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:
Աւելի վաղ ԶԼՄ-ները տարածած էին տեղեկատւութիւն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան մասին, որ ռուս խաղաղապահները կը գտնուին ատրպէյճանական զօրքերու շրջափակման մէջ Հատրութի շրջանի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերու տարածքին մէջ:
«Տեղեկատւութիւնը, որ, իբրեւ, կողմերէն մէկը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շրջափակած է ռուս խաղաղապահ ստորաբաժանումները, իրականութեան չի համապատասխաներ»,-նշած են ռազմական գերատեսչութենէն: