image
Հրատապ լուրեր:

Ազիզիէ շրջանի ապահովական պատասխանատուն այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Ազիզիէ շրջանի ապահովական պատասխանատուն այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Հալէպի Ազիզիէ շրջանի ապահովական պատասխանատուն եւ անոր օգնականը այցելած են Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Արք. Աշգարեանին։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Երկուշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Ազիզիէ շրջանի ապահովական պատասխանատու Ատէլ Եուսէֆը եւ իր օգնական Ապու ալ-Լէյսը։

Ներկայ էին նաեւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Ազգային Վարչութեան անդամ Յարութ Չամիչեան եւ Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի անդամ, Յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան։

Ծանօթացման այցելութիւնը ընթացաւ ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։