ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ACJ319 օդանաւը չէ կրցած վայրէջք կատարել Մոսկուայի մէջ՝ փակ օդային տարածքի պատճառով, եւ վայրէջք կատարած է այլընտրանքային օդակայանի մէջ։ Օդանաւը գրեթէ մէկ ժամ պտտած է Թվերի մարզի վրայ՝ սպասելով վայրէջքի թոյլտւութեան, բայց այդպէս ալ չէ ստացած։ Այս մասին հաղորդած է Baza-ն։
Այդպիսով Հայաստանի վարչապետի օդանաւը ստիպուած եղած է ուղղուիլ դէպի Ս. Փեթերսպուրկի «Փուլքովո» օդակայան, ուր այն վայրէջք կատարած է մօտաւորապէս ժամը 1:00-ին: Փաշինեանը Մոսկուա թռած է Գերմանիա կատարած այցէն ետք ուր պիտի մասնակցի ԵԱՏՄ միջկառավարական խորհուրդի նիստին:
Ուքրանական անօդաչու թռչող սարքի յարձակման պատճառով Մոսկուայի օդակայանները չեղարկած, յետաձգած կամ վերահասցէագրած են 154 չուերթ։ Շերեմեթեւօ օդակայանին մէջ յետաձգուած է 15 չուերթ, եւս եօթը՝ չեղարկուած է։ Բացի այդ, 46 չուերթ կը սպասէ թոյլտւութեան, իսկ 4-ը՝ չեղարկուած է։
Դեկտեմբեր 11-ին «Ռոսավիացիա»ի ներկայացուցիչ Արտեոմ Քորենիաքոն յայտարարած է, որ մայրաքաղաքի օդակայանները վերացուցած են չուերթներու ժամանման եւ մեկնման սահմանափակումները, որոնք սահմանուած էին գիշերը՝ թռիչքներու անվտանգութիւնն ապահովելու համար։