Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ալիեւին նամակ ուղարկած է, հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները: Նամակին մէջ մասնաւորապէս նշուած է.-
«Յարգելի´ պարոն նախագահ,
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ վարչապետ Փաշինեանի հետ համատեղ նամակին համար, որով զիս կ'առաջադրէք Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի: Ես խոր երախտագիտութիւն կը յայտնեմ այս հեղինակաւոր մրցանակին համար, որ մեզ կ'ոգեշնչէ շարունակել մեր կարեւոր առաքելութիւնը:
Որպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ ես կը շարունակեմ յանձնառու ըլլալ աշխարհի հակամարտութիւններու դադրեցման եւ բոլոր մարդոց համար խաղաղութեան ու բարգաւաճման ապահովման: Ձեր շարունակական գործընկերութեան շնորհիւ մենք կը հասնինք անհնարին:
Կրկին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր շարունակական աջակցութեան համար»: