image

Ռուս-ուքրանական հակամարտութիւնը փակուղի մտած է. Չին դիւանագէտ

Ռուս-ուքրանական հակամարտութիւնը փակուղի մտած է. Չին դիւանագէտ

Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ հակամարտութիւնը փակուղի մտած է։ Այս մասին յայտարարած է Եւրասիական հարցերով Չինաստանի յատուկ ներկայացուցիչ, Ուքրանիոյ հարցով Չինաստանի գլխաւոր բանակցող Լի Հուին, հաղորդած է Bloomberg-ը։

Ան բարդ խնդիր կը համարէ կողմերը բանակցային սեղանի շուրջ բերելը։

Անոր խօսքով՝ Մոսկուան եւ Քիեւը համապատասխան նախաձեռնութիւն չեն ցուցաբերեր։

Չինացի դիւանագէտը, սակայն, չի կորսնցներ ապագային այս հարցով յաջողութեան հասնելու յոյսը։